Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՊԿ-ի Արձագանգը Սիւնիքի Սահմանային Միջադէպին

ՀԱՊԿ-ի Արձագանգը Սիւնիքի Սահմանային Միջադէպին

by MassisPost

ՀԱՊԿ-ի տեւական խորհուրդի Մայիս 13-ի նիստին, Հայաստանի ներկայացուցիչ՝ Վիքթոր Պիակով տեղեկացուցած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանին վրայ Մայիս 12-ին տեղի ունեցած միջադէպի մասին։ Հայկական կողմի կարծիքով` Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են սահմանը եւ քանի մը քիլոմեթր խորացած Հայաստանի տարածք, նշուած է ՀԱՊԿ-ի կայքը տեղադրուած հաղորդագրութեամբ։

Ըստ այդ հաղորդագրութեան՝ ՀԱՊԿ-ի գլխաւոր քարտուղար՝ Սթանիսլաւ Զասը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեանի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի հետ՝ քննարկելով ստեղծուած իրավիճակը։

«ՀԱՊԿ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի Սիւնիքի մարզի սահմանային իրավիճակի զարգացումը եւ իրավիճակի զարգացումէն ելնելով` անհրաժեշտութեան պարագային, գործողութիւններ կը կիրառուին՝ հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի դրոյթներուն ու ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան համապատասխան», յայտարարած է ՀԱՊԿ-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment