Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Պէտք Է Օգտագործէ Իր Ազդեցութիւնը՝ ՀՀ Տարածքէն Ատրպէյճանական Զօրքերու Դուրս Բերման Հարցով. Փալոն

ԱՄՆ Պէտք Է Օգտագործէ Իր Ազդեցութիւնը՝ ՀՀ Տարածքէն Ատրպէյճանական Զօրքերու Դուրս Բերման Հարցով. Փալոն

by MassisPost

ԱՄՆ-ի քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ՝ Ֆրանք Փալոն անդրադարձած է Սիւնիքի հատուածի ՀՀ սահմանի նկատմամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններուն՝ կոչ ընելով ԱՄՆ-ին օգտագործելու իր ազդեցութիւնը այս հարցով:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ԱՄՆ-ի քոնկրէսականը այս մասին գրած է Թուիթըրեան իր էջով:

Փալոն նկատել տուած է, որ Ատրպէյճան այժմ ներխուժած է Հայաստան՝ միջազգային իրաւունքի ակնյայտ խախտումով:  «ԱՄՆ պէտք է դատապարտէ այս յարձակումը եւ օգտագործէ իր ազդեցութիւնը դաշնակիցներուն վրայ, որպէսզի Հայաստանի տարածքէն ատրպէյճանական ուժերը դուրս ելլեն»,- նշած է քոնկրէսականը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment