Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատաւորը Մերժեց Յետաձգել Քոչարեանի Կաշառք Ստանալու Վերաբերեալ Դատավարութիւնը

Դատաւորը Մերժեց Յետաձգել Քոչարեանի Կաշառք Ստանալու Վերաբերեալ Դատավարութիւնը

by MassisPost

Երեք միլիոն տոլար կաշառք ստանալու համար մեղադրուող երկրորդ նախագահը եւ անոր փաստաբանները միջնորդեցին, որ այսօր նշանակուած դատական նիստը յետաձգուի՝ պատճառաբանելով առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւնները։

Հայաստանը 1998-2008 թուականներուն ղեկավարած Ռոպերթ Քոչարեան առաջիկայ ընտրութիւններուն կը գլխաւորէ Հայ Յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ նորաստեղծ՝ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւններու՝ «Հայաստան» դաշինքը։

Ամբաստանեալի կարգավիճակ ունեցող պաշտօնաթող նախագահի պաշտպանը դատարանէն խնդրեց նիստը յետաձգել մինչեւ արտահերթ ընտրութիւններու աւարտը՝ պատճառաբանելով, որ իր պաշտպանեալը պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն, իսկ այս ընթացքին կատարուող դատական նիստերը կը խոչընդոտեն քարոզարշաւը։ Արամ Վարդեւանեան վկայակոչեց ընտրապայքարին մասնակիցներու հաւասար հնարաւորութիւններու մասին միջազգային փաստաթուղթերը եւ աւելցուց, որ անհրաժեշտութեան պարագային դատարանին կը ներկայացնեն դաշինքի ձեւաւորման, նաեւ դաշինքին Քոչարեանի մասնակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթերը։

Մեղադրող դատախազ՝ Պետրոս Պետրոսեանը, սակայն, առարկեց՝ եւ շեշտեց, որ արդարադատութեան շահը չի կարող պայմանաւորուիլ որեւէ գործընթացով. «Մարդիկ ընտրելու եւ ընտրուելու սահմանադրական իրաւունք ունեն: Այդ անձինք կարող են լինել ե՛ւ կալանաւորուած, ե՛ւ ձերբակալուած, ե՛ւ ազատութեան մէջ, եւ դրանով պայմանաւորուած չի կարող զուգահեռ անցկացուել, որ բոլոր անձինք պէտք է հաւասար պայմաններ ունենան ազատ ընտրական գործընթացներին մասնակցելու համար»:

Դատաւոր՝ Աննա Դանիբեկեան մերժեց Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը. «Դատարանն արձանագրում է, որ Արամ Վարդեւանեանի կողմից չի ներկայացուել որեւէ հիմնաւոր պատճառաբերութիւն առ այն, որ դատական նիստն աւելի երկար ժամանակով յետաձգելու անհրաժեշտութիւն, մասնաւորապէս, որ Ռոպերթ Քոչարեանի՝ ընտրութիւններին մասնակցելը կը բացառի դատական նիստերի բնականոն ընթացքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment