Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մարուքեան կը Վերահաստատէ՝ Եթէ Նախկին Իշխանութիւնները Շատ Աշխուժանան, Այդ Աջակցութիւն Կ’ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանին

Մարուքեան կը Վերահաստատէ՝ Եթէ Նախկին Իշխանութիւնները Շատ Աշխուժանան, Այդ Աջակցութիւն Կ’ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Խորհրդարանական ընդդիմադիր՝ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան կը վերահաստատէ՝ եթէ նախկին իշխանութիւնները շատ աշխուժանան, այդ աջակցութիւն կ’ըլլայ Նիկոլ Փաշինեանին։

Մայիս 10-ին Ազգային ժողովէն ներս, ճեպազրոյցներու ժամանակ, Մարուքեան պնդեց,  եթէ նախկին իշխանութիւնները օրակարգ ունին երկրին մէջ իշխանափոխութեան, ուրեմն պէտք է դուրս գան գործընթացէն։

«Այն, ինչ ասել եմ ուժի մէջ է, եթէ նախկին իշխանութիւններն օրակարգ ունեն երկրում իշխանափոխութեան, ուրեմն պէտք է իրենք դուրս գան գործընթացից։ Յեղափոխութիւնը նոր է եղել երկրում, երեք տարին երկար ժամանակ չէ, եւ ժողովուրդը, տեսնելով նրանց աշխոյժ մասնակցութիւնը, որը նաեւ ինչ որ ձեւի ուռճացւում է, դա նաեւ իշխանութիւնն է անում, որովհետեւ իշխանութեանը ձեռնտու է, որ ասի՝ «այ, նրանք գալիս են, եկէք մեզ ընտրէք» եւ ես ասել եմ, որ եթէ իրենք շատ աշխուժանան, նման ձեւով սրեն, էդ իմաստով, այո՛, աջակցութիւն է Նիկոլ Փաշինեանին», – ըսաւ Մարուքեանը՝ շարունակելով․ – «Հիմա սա մի փուլ է, որ մենք եկել ենք ասում են՝ ժողովուրդ, էս տեսել էք՝ ինչ են արել, էս էլ տեսաք՝ ինչ արեցին, դուք ունէք այլընտրանք, կայ այլընտրանք, քուէարկի՛ր՝ «Լուսաւոր Հայաստան»։

Յունիս 20-ին, Հայաստանի մէջ նախատեսուած են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Մարուքեան աւելի վաղ յայտարարած էր, որ սպասուող ընտրապայքարին մէջ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան ընելիք չունին։

Պատգամաւորի համոզումով՝ ձախողած իշխանութիւնը նախկիններու բեւեռը կը սնանէ եւ կ’ուռճացնէ, որ Փաշինեան մատնացոյց ընելով անցեալը՝ կարողանայ ձայներ խլել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment