Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եօթերորդ Գումարման Ազգային Ժողովը Լուծարուեցաւ

Հայաստանի Եօթերորդ Գումարման Ազգային Ժողովը Լուծարուեցաւ

by MassisPost

Ազգային ժողովը երկրորդ փուլով կրկին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետի պաշտօնին, ինչպէս եւ նախատեսուած էր. այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն՝ իրաւունքի ուժով Եօթերորդ գումարման Ազգային ժողովը լուծարուած է:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին, պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի կողմէ վարչապետի  թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու համար բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան «կողմ» եւ «դէմ» քուէարկեցին մէկական պատգամաւորներ, 76 պատգամաւոր քուէարկեց «ձեռնպահ»:

Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 67 «կողմ» ձայն:

Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ անգամն է, որ Ազգային ժողովը կ’արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ: 2018-ի Նոյեմբերին եւս ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք խորհրդարանը ցրուած էր նոյն ընթացակարգով:

Վարչապետի միակ թեկնածուն Նիկոլ Փաշինեանն էր: Անոր թեկնածութիւնը առաջադրած էր ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութիւնը վարչապետի պաշտօնին առաջադրուած էր նաեւ վարչապետի ընտրութեան առաջին փուլին, սակայն այն պաշտօնական բնոյթ կը կրէր, քանի որ Ապրիլ 25-ին, վարչապետի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելով, Նիկոլ Փաշինեանը սկիզբ դրաւ խորհրդարանը իրաւունքի ուժով լուծարելու եւ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու կայացման գործընթացին: Մայիս 3-ի ԱԺ հերթական նիստին վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան չէր ընտրուած վարչապետի պաշտօնին:

Յունիս 20-ին Հայաստանի մէջ կը նախատեսուի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններու կայացումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment