Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար՝ Միքայէլ Յարութիւնեանի Մեղադրանքը Վերաորակուած Է

Պաշտպանութեան Նախկին Նախարար՝ Միքայէլ Յարութիւնեանի Մեղադրանքը Վերաորակուած Է

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Միքայէլ Յարութիւնեանի մեղադրանքը վերաորակուած է, «Ազատութիւն»-ի հարցման ի պատասխան յայտնեցին Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ):

Յարութիւնեան, ըստ ՅՔԾ-ի, այժմ Քրէական օրէնսգիրքի 300.1 յօդուածի (Սահմանադրական կարգը տապալելը) փոխարէն, որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է Քրէական օրէնսգրքի 309 յօդուածի 3-րդ մասով (Պաշտօնէական լիազօրութիւնները անցնելը, որ անզգուշութեամբ առաջացուցած է ծանր հետեւանքներ):

Յիշեցնենք, որ Սահմանադրական դատարանը հակասահմանադրական է ճանչցած է 300․1 յօդուածը․ որով Մարտ 1-ի գործով մեղադրանք առաջադրուած էր Հայաստանի երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանին ու անոր նախկին ենթականերուն։

Զօրավար-գնդապետ՝ Յարութիւնեան աւելի քան երկուքուկէս տարի Մարտ 1-ի գործով հետախուզման մէջ է, որպէս առանցքային մեղադրեալ։ Յայտնի է, որ ան կը գտնուի Ռուսաստան, իսկ այդ երկիրը հրաժարած է Միքայէլ Յարութիւնեանը արտայանձնել Հայաստան՝ անոր ՌԴ քաղաքացի ըլլալու պատճառաբանութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment