Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Տնտեսութիւնը Կանխատեսուածէն Աւելի Մեծ Աճ Պիտի Ունենայ. Կեդրոնական Դրամատան Նախագահ

Հայաստանի Տնտեսութիւնը Կանխատեսուածէն Աւելի Մեծ Աճ Պիտի Ունենայ. Կեդրոնական Դրամատան Նախագահ

by MassisPost

Հայաստանի տնտեսութիւնը աւելի մեծ աճ պիտի ունենայ, քան կը կանխատեսուէր նախապէս, Մայիս 5-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, կարծիք յայտնեց Կեդրոնական Դրամատան նախագահ՝ Մարթին Գալստեան։

Գալստեան, սակայն, հրաժարեցաւ թիւեր նշելէ՝ պատճառաբանելով, որ տարեկան ութը անգամ կը հանդիպին լրագրողներուն հետ, չորսը՝ կանխատեսումային է, եւ չորսը՝ դիտարկումներու համար, եւ այսօրուայ հանդիպումը վերջիններէն է։

«Ուստի ես տնտեսական աճի վերաբերեալ կանխատեսում չեմ անի, սակայն ինչպէս նշեցի մեր մամուլի հաղորդագրութեան մէջ, մի բան ակնյայտ է մեզ համար, մեր նախորդ կանխատեսումների համեմատ տնտեսութիւնը աւելի դրական զարգացման միտումներ է ցուցաբերում», – ըսաւ Գալստեան:

Անցեալ տարուայ շօշափելի՝ 7.6 տոկոս անկումէն յետոյ, այս տարուայ պետական պիւտճէին համաձայն, կ’ակնկալուի, որ հայաստանեան տնտեսութիւնը 2021-ին կ’աճի 4.8 տոկոսով։ Կեդրոնական դրամատունը աւելի համեստ թիւեր կը նշէ։ Այս Փետրուարին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին դրամատան նախագահ՝ Մարթին Գալստեան յայտարարեց սպասուող տարեկան մօտ 2 տոկոս տնտեսական աճի մասին, բայց արդէն յաջորդ ամիս՝ դարձեալ լրագրողներու հետ հանդիպումին նկատելիօրէն իջեցուց թիւը, թէ 2021-ին Հայաստանի տնտեսութիւնը կը փակէ 1.4 տոկոսով։

Այս Մարտ ամսուն, Հայաստանի մէջ, ի վերջոյ, տնտեսական աճ արձանագրուեցաւ։ Մէկ տարի շարունակ տեղի ունեցած անկումէն յետոյ, տնտեսական շարժունականութեան ցուցանիշը Մարտին աճեցաւ 3.8 տոկոս՝ նախորդ տարուայ Մարտին համեմատ, թէեւ մինչ պաշտօնական թիւերու ի յայտ գալը՝ մօտ երկու շաբաթ առաջ Տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան պնդեց, թէ Մարտին պիտի ունենանք մինչեւ 7.5 տոկոս աճ. «Իմ հաշուարկով 7-7.5 տոկոսի կարգի է լինելու՝ նախորդ Մարտի համեմատ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment