Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Օրակարգին Վրայ».Արայիկ Յարութիւնեան

«Արցախի Միջազգային Ճանաչումը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Օրակարգին Վրայ».Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան այցելած է Մարտակերտի շրջանի Հաթերքի ենթաշրջան եւ Շահումեանի շրջանի Ակնաբերդ համայնք:

Նախագահի աշխատակազմի տեղեկացմամբ` Յարութիւնեան հանդիպած է տեղի բնակչութեան ու շրջաններու ղեկավարութեան հետ եւ քննարկած համայնքներուն մէջ առկայ խնդիրները, անոնց լուծման ուղիները եւ ենթաշրջանի զարգացման ուղղուած շարք մը ծրագիրներ:

Նախագահը նշած է, որ Գետաւանի, Զարդախաչի, Հաթերքի, Զագլիկում, Չափարի եւ Ակնաբերդի մէջ պիտի շարունակուին շինարարական աշխատանքները՝ ուղղուած պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած ընտանիքներու համար նոր բնակելի տուներու կառուցման, հին բնակարաններու վերանորոգման եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու ստեղծման ու վերակառուցման:

Անդրադառնալով անվտանգային միջավայրին՝ Արայիկ Յարութիւնեան անգամ մը եւս շեշտած է, որ Արցախը այդ ոլորտի խնդիրները կը փորձէ լուծել համադրելով Պաշտպանութեան բանակի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի ջանքերը եւ կողմնակից է բոլոր խնդիրներու խաղաղ կարգաւորման:

«Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը եղել եւ մնում է օրակարգում»,- նշած է նախագահ՝ Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment