Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Չընտրուեցաւ

Նիկոլ Փաշինեան Վարչապետ Չընտրուեցաւ

by MassisPost

Խորհրդարանը,  Մայիս 3-ին, Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետ, 1 կողմ, 3 դէմ եւ 75 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ:

Ապրիլ 25-ին Փաշինեան հրաժարեցաւ, որպէսզի համաձայն քաղաքական ուժերու հետ ձեռք բերած պայմանաւորուածութեան, երկու անգամ խորհրդարանը նոր վարչապետ չընտրէ եւ Հայաստանի մէջ կազմակերպուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Յաջորդ ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ մէկ շաբաթէն: Վարչապետի միակ թեկնածուն այսօր, իշխող «Իմ քայլի» կողմէ առաջադրուած Փաշինեանն էր, որ յայտարարեց, թէ գոյութիւն ունեցող պայմանաւորուածութիւնները խախտելու պարագային «Իմ քայլը» պարզապէս յաջորդ ընտրութեան զինք կ’ընտրէ Հայաստանի վարչապետ:

«Եթէ էդպիսի փորձեր լինեն՝ պայմանաւորուածութիւնները խախտելու, մենք ունենք պատրաստի լուծում, այդ դէպքում «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը կ’ընտրէ վարչապետ: Ես յոյս ունեմ, որ պայմանաւորուածութիւնները որեւէ կերպ խախտելու փորձեր չեն արուի», – ըսաւ Փաշինեան:

Ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան»-ը նիստին ընդհանրապէս ներկայ չէր, «Լուսաւոր Հայաստան»-էն ոչ հարցեր ուղղեցին Փաշինեանին, ոչ ալ ելոյթներ ունեցան: Միայն խմբակցութեան անունով ելոյթ ունեցաւ «Լուսաւորի» ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան ու յայտարարեց, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան նախնական պայմանաւորուածութեան:

«Արտահերթ ընտրութիւնների հետ կապուած ուղերձը բոլոր քաղաքական ուժերին ուղղուած այն է, որ բոլորով գնում ենք, որպէսզի տեսնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներն ինչ են որոշելու», – նշեց Մարուքեան:

Նախքան քուէարկութիւնը, պատգամաւոր՝ Տիգրան Ուրիխանեանի խնդրանքով արձագանգելով երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին հարցազրոյցին՝ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային բովանդակութիւնը փոխուած է 2015-ին եւ ոչ թէ 2018-էն յետոյ:

«Բովանդակութիւնը փոխուել է, ծռուել է 2015 թուականի աշնանը, 2016 թուականի ձմրանը: Եթէ Սերժ Սարգսեանը որոշել է, որ ինքը պէտք է բացայայտումներ անի, թող բարի լինի, մարդկանց պատմել 2015 թուականի աշնան եւ 2016 թուականի ձմրան իրադարձութիւնները: Ուշադրութիւն դարձրէք. 2015 թուականի աշնան եւ 2016 թուականի ձմրան, որից յետոյ եկել է 2016 թուականի գարունը եւ եղել է Ապրիլի 2: Այդ բանակցային բովանդակութիւնը փոխուել է հենց այդ ժամանակ, եւ դա ապացուցող փաստաթղթեր կան: 5+2, եկէք խոստովանենք, որ այդպիսի հնարաւորութիւն, ըստ էութեան, երբեք չի եղել, որովհետեւ դեռեւս 2016 թուականին իր տուած հարցազրոյցում Սերժ Սարգսեանը խօսում է 7 շրջանների մասին: Ինքը ասում է, որ հայկական կողմն ասում էր՝ մենք թողնում ենք 7 շրջանները, իսկ ատրպէյճանական կողմն ասում էր՝ ոչ», – ներկայացուց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment