Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Այսօր Հնարաւորութիւն Ունի Սկսելու Լայնածաւալ Պատուաստումներ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ

Հայաստանը Այսօր Հնարաւորութիւն Ունի Սկսելու Լայնածաւալ Պատուաստումներ «Քորոնա» Ժահրի Դէմ

by MassisPost

«Հայաստանը հիմա ունի «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի բաւական մեծ պաշար ձեռք բերած եւ հնարաւորութիւն ունի սկսելու լայնածաւալ պատուաստումներ», Մայիս 3-ի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ժամանակ յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար, վարչապետի թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանը թիւերու անկման փուլին է, եւ եթէ պատուաստումը ճիշդ կազմակերպուի, կրնայ արագ ընթացքով յաղթահարել համաճարակը:

«Նոյնիսկ բացասական պատասխանի դէպքում, եթէ քաղաքացին պատուաստուած չէ, կարող են լինել ճամբորդելու սահմանափակումներ: Բայց նաեւ ուզում եմ ընդգծել, որ միջազգային զբօսաշրջական գործակալութիւնների համար, որպէս ուղղութիւն աշխուժացնելու համար, շատ կարեւոր չափանիշ է ընտրուած, թէ տուեալ երկրում պատուաստումների ինչ մակարդակ է արձանագրուել: Հիմա արդէն Երեւանի, Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային վայրերում կարելի է տեսնել, բարեբախտաբար, զբօսաշրջիկների, եւ եթէ մենք պատուաստման շրջանը ճիշդ կազմակերպենք, կարող ենք վերադարձնել 2019 թուականի ծաւալները», – ըսաւ Փաշինեան՝ կարեւորելով հիւրանոցներու, հանրային սնունդի կառոյցներու եւ սպասարկման ոլորտի ընկերութիւններու աշխատողներու պատուաստման գործընթացի կազմակերպումը:

«Այսօր առաւօտեան մենք Առողջապահութեան նախարարի հետ քննարկում էինք, որ գուցէ պետական ինչ որ տարբերանշան թողարկուի, որ այն ձեռնարկութիւնները՝ կը լինեն ճաշարաններ, հիւրանոցներ եւ այլն, որտեղ աշխատողների 70 եւ աւելի տոկոսը պատուաստուած է, այդտեղ նշուի, որ այդ ընկերութիւններում գտնուելը, նրանց ծառայութիւններից օգտուելը համեմատաբար կամ ընդհանուր առմամբ անվտանգ է», – յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատարը՝ կոչ ընելով յատկապէս հանրային առաջնորդներուն սեփական օրինակով ի ցոյց դնելու այդ ընթացքի կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ Նիկոլ Փաշինեան իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ Մայիս 3-ին, պատուաստուած է «Քորոնա» ժահրի դէմ։ Պատգամաւոր՝ Թագուհի Թովմասեանի հարցին, թէ ո՞ր պատուաստով պատուաստուած են, վարչապետի պաշտօնակատարը պատասխանեց, թէ չըսէր անոր անունը:

«Միայն կ’ասեմ, որ մեր փոխվարչապետերից մէկը պատուաստուել է AstraZeneca-ով, միւս փոխվարչապետը կը պատուաստուի Sputnik V-ով: Յոյս ունեմ, որ Ազգային ժողովի նախագահութիւնից որեւէ մէկը կը պատուաստուի չինական պատուաստանիւթով, որը մենք ունենք», – ըսաւ Փաշինեան՝ հաւաստիացնելով, որ Հայաստանի ձեռք բերած բոլոր պատուաստներն ալ լաւ են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment