Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Հարցաքննուած Է Պատերազմին Վերաբերող Քրէական Գործի Ծիրէն Ներս

Արցախի Նախագահը Հարցաքննուած Է Պատերազմին Վերաբերող Քրէական Գործի Ծիրէն Ներս

by MassisPost

Արցախի նախագահը, որպէս վկայ հարցաքննուած է 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող քրէական գործի ծիրէն ներս, կը տեղեկանանք Արայիկ Յարութիւնեանի Դիմատետրի Մայիս 3-ի գրառումէն։

«Որպէս վկայ հարցաքննուել եմ Արցախի Հանրապետութեան դատախազութեան քննիչների կողմից՝ Արցախի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգրքի 312-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործով։ Հաշուի առնելով տուեալ գործի կարեւորութիւնը՝ յայտնել եմ հնչեցուած հարցերի վերաբերեալ իմ ունեցած ողջ տեղեկութիւնները եւ վերահաստատել պատրաստակամութիւնս հետագայում եւս վարոյթին օրէնքով սահմանուած կարգով մասնակցելու վերաբերեալ։ Հասկանալով մեր հայրենիքի կեանքի կարեւորագոյն ժամանակահատուածին՝ 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող իրադարձութիւնների բուն ընթացքն ու պատճառահետեւանքային կապերը բացայայտելու հանրային պահանջը՝ առաջիկայում իմ իրական լիազօրութիւնների ու իրազեկուածութեան սահմաններում նաեւ հանրայնօրէն կը ներկայացնեմ որոշ հարցերի պատասխաններ»,- ըսուած է Յարութիւնեանի դիմատետրի գրառման մէջ։

Արցախի քրէական օրէնսգրքի 312-րդ յօդուածի 1-ին մասը կը վերաբերի սահմանադրական կարգը տապալելուն՝ մայր օրէնքի առաջինէն եօթերորդ յօդուածներով նախատեսուած որեւէ նորմի փաստացի վերացնելուն, եւ կը պատժուի ազատազրկմամբ` տասէն տասնհինգ տարի ժամկէտով:

Արցախ գործող «Առաջ Արցախ» եւ «Հայկի Սերունդ» հասարակական կազմակերպութիւնները անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 10-ին, Արցախի գլխաւոր դատախազութիւն հաղորդում ներկայացուցած էին յանցագործութեան մասին՝ յայտարարելով, թէ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի մեղաւորները։

Արցախի գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ՝ Քիմ Գաբրիէլեան «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ նշուած հաղորդման հիմքով յարուցուած է երեք քրէական գործ՝ պետական դաւաճանութիւն, սահմանադրական կարգի տապալում եւ պաշտօնէական անփութութիւն։ Պաշտօնէական անփութութեան յատկանիշներով եւս մէկ քրէական գործ յարուցուած է, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաղորդման հիման վրայ։ Բոլոր չորս քրէական գործերով այս պահուն մեղադրեալ ու կասկածեալ չկայ, իսկ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան հարցաքննուած է դեռ Մայիս 1-ին։

«Պետական դաւաճանութեան ենթադրեալ դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով մինչեւ հիմա կատարուել են զննութիւններ, հարցաքննութիւններ, տեղեկութիւն ստանալու համար հարցումներ են կատարուել պետական մարմիններին ու պաշտօնատար անձանց, որոնց պատասխանները ստանալուց յետոյ նախաքննութիւնը կը մտնէ առաւել աշխոյժ փուլ: Բացի հանրապետութեան նախագահից, Ազգային ժողովի 27 պատգամաւոր է հարցաքննուել այդ շրջանակում», – յայտնեց Քիմ Գաբրիէլեան:

Դիմելով Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Լուսինէ Աւանեսեանին,  թէ չնայած նախագահ Յարութիւնեան բազմիցս խօսած է 44-օրեայ պատերազմի մասին, սակայն կա՞ն արդեօք ինչ որ հանգամանքներ, որոնց մասին հանրութիւնը տեղեակ չէ, եւ Արցախի նախագահը մտադիր է խօսիլ այդ մասին։

«Բնականաբար, կան նման հանգամանքներ, դրանց մի մասը, ինքներդ էք հասկանում, պետական գաղտնիք են կամ առնչութիւն ունեն այնպիսի հանգամանքների, որոնք պետական գաղտնիք են հանդիսանում: Բնականաբար, այս տեղեկութիւններն առայժմ փակ են լինելու, մինչեւ վաղեմութեան ժամկէտը չանցնի», – ըսաւ Աւանեսեան:

2002-էն գործող «Հայկի Սերունդ» հասարակական կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահը, որ այսօր կը ղեկավարէ ՀԿ-ն, Արցախի աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականներու հարցերու փոխնախարար՝ Արմինէ Պետրոսեանն է։ «Հայկի Սերունդ» ՀԿ փոխնախագահ՝ Վլատիմիր Գրիգորեան «Ազատութիւն»-ին հաղորդեց, թէ այդ հանգամանքը ամենեւին չէ կաշկանդած կազմակերպութիւնը, որ դիմէ իրաւապահ մարմնին՝ պարզելու, թէ Արցախի իշխանութիւնները, որքանով իրաւաչափ գործած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին. «Հասարակական կազմակերպութիւնն ինքը մեծ կազմակերպութիւն է, որտեղ ընդգրկւում են տարբեր շերտի մարդիկ, տարբեր ներկայացուցիչներ, տարբեր պետական եւ ոչ պետական համակարգի աշխատողներ, եւ ընդհանուր առմամբ հաւաքական կարծիք է դա, այսինքն` այդ առումով մենք որեւէ կաշկանդուածութիւն երբեւիցէ չենք ունեցել»:

Գրիգորեան պնդեց, որ դատախազութիւն դիմելու միակ շարժառիթը պարզելն է, թէ արդեօ՞ք Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պատերազմի ժամանակ գործած են Արցախի Սահմանադրութեան համաձայն։ Օրինակ, ի՞նչ միջոցներ ձեռնարկած են, որպէսզի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի յայտարարութիւնը չմտնէ ուժի մէջ, ըստ որու Ատրպէյճանին անցան «Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ Արցախի անբաժան մասը համարուող տարածքները՝ առանց հանրաքուէի»։

Այն հարցին թէ արդեօք նման քրէական գործի յարուցումը իրականութեան մէջ յարմար առիթ չի՞ ստեղծեր հանրութեան ցոյց տալու, որ Արցախի իշխանութիւնները պատերազմի ընթացքին գործած են Սահմանադրութեան համաչափ՝ կիրառելով իրենց իրաւասութեան ներքոյ եղած բոլոր լծակները, նախագահի մամլոյ քարտուղարը արձագանգեց,- «Ինչ որ բան ցոյց տալու խնդիր չկայ ընդհանրապէս»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment