Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀԿ-ն Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի «Հայրենիք»-ի Հետ Դաշինքով

ՀՀԿ-ն Ընտրութիւններուն Կը Մասնակցի «Հայրենիք»-ի Հետ Դաշինքով

by MassisPost

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) Յունիս 20-ին սպասուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի Փաշինեանի կողմէ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուած, ապա հեռացուած Արթուր Վանեցեանի «Հայրենիք» կուսակցութեան հետ դաշինքով։ Ապրիլ 29-ի երկոյեան տեղի ունեցած ՀՀԿ գործադիր մարմնի նիստէն յետոյ այս մասին յայտարարեց Հանրապետականի փոխ նախագահ՝ Արմէն Աշոտեան՝ կարծիք յայտնելով, թէ հնարաւոր գործակցութիւն ամենաարդիւնաւէտն է Նիկոլ Փաշինեանին իշխանութենէն հեռացնելու համար։

«Որոշման կայացման համար հիմք են հանդիսացել ընդդիմադիր դաշտի վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ հողատուին օր առաջ գահընկեց անելու հրամայականը: Հաշուի առնելով ստեղծուած քաղաքական իրողութիւնները` մենք կարծում ենք, որ «Հայրենիք» կուսակցութեան հետ մեր հնարաւոր քաղաքական համագործակցութիւնն ամենաարդիւնաւէտն է լինելու ստեղծուած իրավիճակում հողատուին գահընկեց անելու համար», – ըսաւ Աշոտեան։

ՀՀԿ փոխ նախագահը յիշեցուց, որ արտահերթ ընտրութիւնները իրենց սրտով չեն եղած, փորձած են կանխել անոնց կայացումը, միեւնույն ժամանակ արձանագրելով՝ որ չեն յաջողած։ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ նախկին իշխանական Հանրապետականը ամիսներ շարունակ մէկ տասնեակէն աւելի քաղաքական ուժերու հետ փողոցային պայքարի անցած էր՝ գործող կառավարութեան հրաժարականի պահանջով։

«Միասնական, համայն քաղաքական ուժերի ներդաշնակութեամբ պայքարի հրամայականից՝ մենք որոշում ենք կայացրել, այնուհանդերձ, մասնակցել այս քաղաքական գործընթացին, քանզի ընդդիմադիր, իրական ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր ուժերը այլեւս այդ մասնակցութեան պատրաստակամութիւնը հանրայնօրէն արտայայտել են», – յայտարարեց Աշոտեան։

Իսկ արդեօք ՀՀԿ քննարկա՞ծ է երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ դաշինք կազմելու հարցը՝ ՀՀԿ փոխ նախագահը բացասական պատասխան տուաւ, նաեւ խուսափեցաւ պատասխանելէ Ռոպերթ Քոչարեան-Սերժ Սարգսեան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցին. «Ստիպուած եմ լինելու արձագանգել մի յարաբերութիւնների, որոնց մասնակից չեմ: Այնպէս չի, որ ես պատիւ ունեմ լինելու Սերժ Սարգսեանի ու Ռոպերթ Քոչարեանի ընդհանուր ընկերը, հետեւաբար մեկնաբանել իրենց մարդկային յարաբերութիւնները համարում եմ անշնորհակալ գործ»:

Արդեօք 2018-ի յեղափոխութեամբ իշխանութենէն հեռացած ՀՀԿ-ն այս ընտրութիւններուն կը մասնակցի յաղթելո՞ւ նպատակով։ «Որպէս յաղթանակ մենք դիտարկելու ենք այս հողատու իշխանութիւններին գահընկեց անելու ընտրական գործընթացը, եթէ մտնում ենք այս գործընթացի մէջ։ Սա է լինելու մեզ համար յաղթանակը։ Մենք չենք խօսում տոկոսների, մանտաթների, արդիւնքների մասին», – արձագանգեց Արմէն Աշոտեան։

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ստացած էր 59 հազար 83 ձայն՝ չապահովելով խորհրդարան անցելու համար սահմանուած 5 տոկոս ձայներու քանակը։

Գործող օրէնսդրութեամբ որպէս դաշինք, ՀՀԿ-ին ու «Հայրենիքին» անհրաժեշտ է աւելի մեծ թիւով՝ ընտրողներու 7 տոկոս ձայները հաւաքել՝ նոր Ազգային ժողով մտնելու համար։

Դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին յայտարարած է նաեւ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը՝ չյստակացնելով, սակայն, թէ որ քաղաքական ուժերուն հետ։ Մամուլը, սակայն, գրած է, որ Քոչարեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ պիտի մասնակցի ընտրութիւններուն։ ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան «Ազատութիւն»-ի «Ֆեյսբուքեան ասուլիսին» յայտարարեց, որ դեռ բանակցութիւններ կ’ընթանան այդ հարցի շուրջ. «Կան բանակցութիւններ, մենք յայտարարել ենք, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը մասնակցելու է առաջիկայ ընտրութիւններին, ասել ենք` ինչ նպատակով ենք մասնակցելու այդ ընտրութիւններին: Կան բանակցութիւններ: Երբ որ կը լինի վերջնական եւ ամբողջական, ու կը լինի ակնյայտ, որ տեղի են ունենալու ընտրութիւններ, այդ մասին հանդէս կու գանք»:

Նախորդ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ն ստացած էր 48 հազար 816 ձայն կամ ձայներու 3,88 տոկոսը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment