Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Կան Քաղաքական Գործիչներ, Որոնք Ողջունեցին Պայտընի Յայտարարութիւնը. Փայլան

Թուրքիոյ Մէջ Կան Քաղաքական Գործիչներ, Որոնք Ողջունեցին Պայտընի Յայտարարութիւնը. Փայլան

by MassisPost

Թուրքիոյ Մէջ կան քաղաքական գործիչներ, որոնք ողջունած են ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի յայտարարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ` «Ազատութիւն»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ, հայազգի Կարօ Փայլան։

«Անշուշտ [կան այսպիսի գործիչներ]։ Իմ կուսակցութենէն Թուրքիոյ խորհրդարան անցած բոլոր պատգամաւորները պատրաստ են ճանաչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, առերեսուել ցեղասպանութեան հետ։ Մեր՝ Ժողովրդական ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն տարածեց, ըստ որու Թուրքիան պէտք է առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետ», – ըսաւ Փայլան՝ շարունակելով․ – «Այլ կուսակցութիւններ նոյնպէս ունին անդամներ, որոնք պատրաստ են առերեսուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ, սակայն համարձակութիւն չունին հրապարակաւ յայտարարելու այդ մասին։ Դժբախտաբար, Թուրքիոյ չորս հիմնական կուսակցութիւնները, որոնցմէ երկուքը աշխարհիկ են, երկուքը՝ ազգայնական, որդեգրած են ցեղասպանութիւնը մերժելու դիրքորոշում»։

Կարօ Փայլան յիշեցուց, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները տասնամեակներ շարունակ վարած են Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժելու քաղաքականութիւն։

«80 տարի լռութիւն էր, բայց Հրանդ Տինքի ու այլ ժողովրդավար անձերու շնորհիւ կարողացանք խօսիլ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, սակայն թրքական հասարակութիւնը պատրաստ չէր տեղի ունեցածը կոչել «ցեղասպանութիւն», բայց պատրաստ էին ըսել, որ ինչ որ նման բան տեղի ունեցած է։ Դժբախտաբար, 2015 թուականէն յետոյ Էրտողան իշխանութեան ղեկին հաստատեց ազգայնական դաշինք՝ իր ազգայնական գործընկերոջ հետ։ Նախորդ հինգ տարիներուն կորսնցուցինք գրեթէ ամէն ինչ, եւ այժմ Թուրքիա կ’ապրինք մերժման հին քաղաքականութեան ներքոյ», – ընդգծեց հայազգի գործիչը։

«Թուրքիա քաղաքական գործիչները ունին իրենց ազդեցութիւնը հասարակութեան վրայ։ Հինգ տարի առաջ Էրտողան ըսաւ, որ ինչ որ բան տեղի ունեցած է, եւ կը ցաւակցին հայ համայնքին, սակայն այսօր ան կրկին կը հետեւի Հայոց ցեղասպանութեան մերժման քաղաքականութեան։ Երբ առաջանորդները կը հետեւին նման՝ մերժման քաղաքականութեան, հասարակութիւնը կ’իյնայ անոր ազդեցութեան տակ։ Այսօր Հայոց ցեղասպանութեան մերժումը օրակարգի վրայ է, բայց Թուրքիա կան միլիոնաւոր մարդիկ, որոնք պատրաստ են ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Մենք պարզապէս կը փորձենք ներազդել թուրք ժողովուրդին վրայ՝ ճանաչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», – ըսաւ Կարօ Փայլան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի կողմէն Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի ճանաչումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողան վերստին յայտարարեց, թէ Անգարան պատրաստ է յարաբերութիւնները բնական դարձնելու Հայաստանի հետ` մասնաւորապէս, Ապրիլ 24-ին նամակ յղելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝ Սահակ Մաշալեանին՝ ուր վստահեցուցած է, թէ Թուրքիան կը ձգտի բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ՝ «փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ»։

Փայլանին յիշեցուցինք, թէ ֆութպոլային դիւանագիտութեան ժամանակ նոյնիսկ արձանագրութիւններ ստորագրուեցան, սակայն Անգարան ձեռնամուխ չեղաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման, հետեւաբար, հարց կ’առաջանայ, թէ՝ որքանո՞վ Էրտողան լուրջ է՝ խօսելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին։

«Կը կարծեմ` միայն ժողովրդավար Թուրքիան կարող է բնական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ։ Ազգայնական կառավարութիւնը չի կրնար այսպիսի քայլ կատարել։ Դժբախտաբար, Էրտողան կը հետեւի ազգայնական քաղաքականութեան, եւ անցած տարի մենք մէկ այլ ողբերգութեան ականատես եղանք, այս անգամ՝ Լեռնային Ղարաբաղ։ Մեր յոյսն է, որ Էրտողան կամ Թուրքիոյ այլ կառավարութիւն վերջ տայ այս ազգայնական քաղաքականութեան։ Երբ չէք վարեր ազգայնական քաղաքականութիւն, կը ցանկաք աւելին քան լուծել ձեր հարեւաններու հետ առկայ խնդիրները։ Մենք ոչ միայն Հայաստանի հետ խնդիրներ ունինք, խնդիրներ ունինք Յունաստանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի հետ։ Բոլոր հարեւաններու հետ խնդիրներ ունինք, սակայն միայն Հայաստանի դէմ դուռը փակ է ։

Առաջարկած եմ Թուրքիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանին բանալ Հայաստանի հետ դուռը։ Եթէ ձեր հարեւանի հետ դուռը փակ է, չէք կրնար լուծել խնդիրները։ Ուստի, նախ եւ առաջ պէտք է բանալ սահմանը, ունենալ մշակութային ու տնտեսական յարաբերութիւններ, որմէ ետք կարող էք նստիլ սեղանի շուրջ եւ խօսիլ խնդիրներու մասին ու լուծել զանոնք»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment