Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Փաշինեանին` Գերիներու Հարցը Կը Մտնէ Միջազգային Օրակարգ

Ըստ Փաշինեանին` Գերիներու Հարցը Կը Մտնէ Միջազգային Օրակարգ

by MassisPost

Եւրոպական միութիւնը կոչ կ’ընէ վերադարձնելու ռազմագերիները ու ձերբակալուած անձերը՝ անկախ անոնց կալանաւորման հանգամանքներէն: Երէկ՝ Ապրիլ 29-ի երեկոյեան, նախարարներու կոմիտէն յայտարարութիւն ընդունած է: Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօր գործադիրի նիստին անգամ մը եւս շեշտած է, որ Ատրպէյճան չի կատարեր հայ գերիները վերադարձնելու պարտաւորութիւնը եւ Եւրոպական միութեան յայտարարութիւնը յստակ ու հասցէական է։

«Վերջին շրջանի միջազգային աշխուժութիւնը՝ կապուած գերեվարուած անձանց խնդիրների հետ, շատ կարեւոր է ու մեծացնում է լաւատեսութիւնը, որ մենք այս հարցում կ’ունենանք յստակ արդիւնքներ: Մեզ հարկաւոր է լինել առաւելագոյնս համախմբուած, համբերատար ու հետեւողական, եւ այս հարցը միանշանակ դրական լուծում պիտի ստանայ», – ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայկական կողմը 249 դիմում ուղարկած է Սթրասպուրկի դատարան, որպէսզի միջանկեալ միջոցի կիրառմամբ դատարանը պարզէ, թէ արդեօք այդ անձերը գերեվարուած են եւ ինչ պայմաններու ու վիճակի մէջ կը գտնուին։ Ատրպէյճանը հաստատումներ ներկայացուցած էր միայն 72 քաղաքացիներու վերաբերեալ, որ այո, Պաքու են։ Վերջին ամիսներուն այդ երկիրը եւրոպական դատարանին հաստատումներ չէ ներկայացուցած։ Եւրոպական միութիւնը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ ներկայացնելու դատարանի պահանջած տեղեկատուութիւնը ամբողջութեամբ։ Եւ կը յիշեցնէ, որ Մարդու իրաւունքներու համաձայնագրին միացած երկիրները պարտաւոր են ենթարկուիլ միջանկեալ միջոցներու վերաբերեալ դատարանի պահանջներուն։

«Կարեւոր եմ համարում նաեւ, որ այս յայտարարութեան մէջ յղում է արւում Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանում տեղի ունեցող գործընթացներին, ինչը, ըստ էութեան, քաղաքական յայտարարութեանն աւելացնում է նաեւ իրաւական բաղադրիչ, որը տուեալ պարագայում չափազանց կարեւոր է», – ըսած է վարչապետի պաշտօնակատարը:

Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնները կը բանակցին գերիներու հարցին լուծում տալու համար, անոնք հանդիպած են մէկ ամիս առաջ ու հեռախօսով ալ կապի մէջ են, ըսած է ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ՝ Ստեփան Մելքոնեան. «Հանդիպումները պարբերաբար արւում են, բնականաբար գերիների հարցերին լուծում տալու համար»:

Փետրուարէն ի վեր Ատրպէյճանը որեւէ գերիի Հայաստան չէ վերադարձուցած. թէպէտ աւելի վաղ գոնէ 72 հոգիի վերաբերեալ հաստատումներ ներկայացուցած էին ։ Անոնցմէ 54-ը Խծաբերդ գերեվարուած պահեստազօրայիններն են, 14-ը` ժամկէտային զինծառայողներ եւ 4-ը` խաղաղ բնակիչներ։ Ըստ պաշտօնական Պաքուին` «անոնք բոլորը ահաբեկիչ-ներթափանցողներ են»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment