Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքըն Ընդգծած Է, Թէ Պայտընի Ապրիլ Քսանչորսի Ուղերձը «Մեղքը Որեւէ Մէկու Վրայ Բարդելու Նպատակ Չունէր»

Պլինքըն Ընդգծած Է, Թէ Պայտընի Ապրիլ Քսանչորսի Ուղերձը «Մեղքը Որեւէ Մէկու Վրայ Բարդելու Նպատակ Չունէր»

by MassisPost

«Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընի Ապրիլ քսանչորսի ուղերձը որեւէ մէկուն որեւէ մեղադրանք ուղղելու նպատակ չունէր», – պնդած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքըն։ Այս մասին ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը յայտարարեց միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ հեռավար ասուլիսի ընթացքին։

Պլինքըն յատուկ ընդգծած է, որ Պայտընի այդ յայտարարութիւնը պէտք չէ որեւէ մէկուն համար անակնկալ ըլլար։

«Նախագահ Պայտըն իր այդ տեսակէտը յայտարարած է տարիներ շարունակ։ Ան այդ մասին յստակօրէն յայտարարած էր, երբ ծերակուտական էր, պարզ կերպով խօսած է նաեւ քարոզարշաւի ընթացքին եւ այժմ նախագահի պաշտօնին վերահաստատած է իր այդ տեսակէտը։ [Պաշտօնավարման] առաջին իսկ օրուընէ նախագահը ըսած է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը մեր արտաքին քաղաքականութեան հիմնարար սկզբունքներն են։ Այդ քաղաքականութեան մէկ մասն ալ պատմական իրադարձութիւններու յստակ ըմբռնումն ու նախապէս կատարուած ոճրագործութիւններու ճանաչումն է` անոնց կրկնութիւնը կանխելու նպատակով։ Նախագահը ըսած էր, թէ Յիշատակի այդ օրը նշելու նպատակը նահատակներու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելն էր, այլ ոչ թէ որեւէ մէկը մեղադրելը։ Մեր ուշադրութեան կեդրոնն էին այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Օսմանեան կայսրութեան անկման շրջանին», – պատասխանելով թրքական Hurriyet թերթի լրագրողի հարցին՝ նշած է պետական քարտուղար՝ Պլինքըն։

Ամերիկեան դիւանագիտութեան ղեկավարը կրկին անգամ յիշեցուցած է, որ նախագահ Պայտըն իր Ապրիլ քսանչորսի ուղերձի հրապարակումէն մէկ օր առաջ զանգահարած էր Թուրքիոյ ղեկավարին, եւ քննարկած երկկողմանի յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը։

«Անոնք անհամբերութեամբ կը սպասեն հանդիպելու հնարաւորութեան։ Բազմաթիւ ոլորտներ կան, ուր մեր երկու երկիրները սերտօրէն կը համագործակցին։ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն դաշնակիցն է։ Ի հարկէ, կան նաեւ տարաձայնութիւններ, սակայն աշխարհի պետութիւններու մեծամասնութիւնը տարաձայնութիւններ ունի», – յայտարարած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը:

Հեռավար ասուլիսի ընթացքին Պլինքըն նաեւ նշած է, որ այս պահուն երկու երկիրներու միջեւ առկայ գլխաւոր հակասութիւնները կը վերաբերին Թուրքիոյ կողմէ ռուսական արտադրութեան C-400 հրթիռային համակարգերու ձեռքբերման։

«C-400-ներու ձեռքբերումը կը վտանգէ Միացեալ Նահանգներու անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ դաշնակիցներու ռազմական սարքաւորումներն ու զինուորական անձնակազմը։ Բացի այդ նման գործարք զգալի ֆինանսական միջոցներ կը ներարկէ Ռուսաստանի պաշտպանական համակարգ, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն կու տայ, որ ռուսերը ներթափանցեն թրքական Զինուած ուժեր եւ Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութիւն», – յայտարարած է Պլինքըն։

Ինչ կը վերաբերի C-400 համակարգերու ձեռքբերման պատճառով Թուրքիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն, ըստ պետական քարտուղարին, հիմնուած են այն օրէնքներուն վրայ, որոնք ընդունուած են ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի կողմէ։

«C-400 համակարգերու նոր խմբաքանակի ձեռքբերումը կը յանգեցնէ նոր պատժամիջոցներու», – զգուշացուցած էր Էնթընի Պլինքըն նշելով, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսաստանեան արտադրութեան սպառազինութեան ձեռքբերման շուրջ ամերիկեան իշխանութեան տարբեր թեւերու եւ քաղաքական տարբեր ուժերու միջեւ յստակ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի։

«Այս մտահոգութիւնները կը կիսէ թէ՛ մեր վարչակազմը եւ թէ՛ Քոնկրէսը՝ այնտեղ ներկայացուած երկու կուսակցութիւններու ձեւաչափով։ Դեմոկրատներն ու հանրապետականները այս հարցով յստակօրէն արտայայտած են իրենց տեսակէտը, որ անփոփոխ է եւ այդպէս ալ կը մնայ», – յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment