Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Տարածքային Ամբողջականութեան Ուղղուած Սպառնալիք Կը Համարէ «Զանգեզուրի Միջանցքի» Մասին Ալիեւի Պնդումը

Հայաստանը Տարածքային Ամբողջականութեան Ուղղուած Սպառնալիք Կը Համարէ «Զանգեզուրի Միջանցքի» Մասին Ալիեւի Պնդումը

by MassisPost

ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան հաղորդմամբ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան տարածքային ամբողջականութեան ուղղուած սպառնալիք անուանած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան այն մասը, որ «Ատրպէյճանը կը բանայ Զանգեզուրի միջանցքը անկախ Երեւանի համաձայնութենէն»:

Այդ մասին Գրիգորեան ըսած է Ապրիլ 29-ին, Տուշանպէի մէջ՝ ՀԱՊԿ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու նիստին:

Գրիգորեան կոչ ըրած է գործընկերներուն արձագանգելու Ալիեւի յայտարարութեան․ – «Դա ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ ուղիղ սպառնալիք ՀԱՊԿ անդամ պետութեան տարածքային ամբողջականութեանը: Նման բաները չի կարելի անտեսել, յատկապէս հաշուի առնելով Ատրպէյճանի յարձակողական նկրտումները, ես կարծում եմ, որ մեր կազմակերպութիւնը պէտք է միանշանակ դիրքորոշում դրսեւորի ՀԱՊԿ անդամ ցանկացած երկրի տարածքային ամբողջականութեանն ուղղուած ոտնձգութեան պարագայում»։

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ խստօրէն քննադատած է Պաքուի մէջ «ռազմական աւարի պուրակի» բացումը:

«Նման «պուրակի» գաղափարն ինքնին ֆաշիզմի դսեւորում է», – ըսած է Արմէն Գրիգորեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment