Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մեկնած Է Միացեալ Նահանգներ

by MassisPost

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին երկրորդ Ապրիլ 29-ին հայրապետական այցելութեամբ մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։

Ըստ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգին՝ ԱՄՆ-ի Հայոց Արեւելեան թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետը պիտի հանդիպի թեմակալ առաջնորդին եւ թեմական խորհուրդին հետ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներուն հետ՝ քննարկելու անոնց հոգածութեամբ իրագործուող ծրագիրները:

Կը նախատեսուին այլ անձերու եւ կազմակերպութիւններու հետ հանդիպումներ, որոնց ընթացքին պիտի արծարծուին արցախեան երկրորդ պատերազմի պատճառած հետեւանքներու եւ առկայ մարտահրաւէրներու հետ առնչուող հարցեր։

Այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետի հետ պիտի ըլլան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ․ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի յատուկ տնօրինութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յատուկ յանձնարարութիւններով Հայրապետական նուիրակ Տ. Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան մեկնած է ԱՄՆ-ի Հայոց Արեւմտեան թեմ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment