Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պատերազմի Հետեւանքները Պարզ Էին Հոկտեմբերի Սկիզբը, Յայտարարած Է Արայիկ Յարութիւնեան

Պատերազմի Հետեւանքները Պարզ Էին Հոկտեմբերի Սկիզբը, Յայտարարած Է Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Սեպտեմբեր 27-ին սկսած պատերազմի հետեւանքները պարզ էին դեռ Հոկտեմբերի սկիզբը, սակայն հայաստանեան քաղաքական ուժերը ընդհանուր յայտարարի չեն եկած, անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, յայտարարած է Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Չի ձեւաւորւում քաղաքական համաձայնութիւն կամ միասնական կարծիք՝ ընդդիմադիր, իշխանամէտ, իշխանութիւն եւ կարծես թէ պատերազմը կանգնեցնելը այդ օրը համարում էին դաւաճանութիւն», – նշած է Արցախի նախագահը:

Յարութիւնեան ընդգծած է, որ 1994 թուականի զինադադարէն յետոյ, ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը դասեր չէ քաղած եւ ունենալով առաւելութիւն բանակցային գործընթացին մէջ, աւելի նպաստաւոր լուծումներ չէ կարողացած ունենալ։ Ինչ կը վերաբերի պարտութեան, իրավիճակը այլ կ’ըլլար, եթէ կռիւը ըլլար միայն ատրպէյճանական բանակին հետ։

«Հակառակորդի կողմից պատերազմին մասնակցում էր Թուրքիան, եւ Թուրքիան առաջին իսկ օրը յայտարարած է եւ այսօր, երէկ, թուրքական ցանկացած ղեկավար իր յայտարարութիւնում նշում է, որ միասին Ատրպէյճանի հետ մեզ յաջողուել է լուծել «պատմական արդարութիւնը»: Միայն 7000 ահաբեկիչ-վարձկան Սուրիայից մասնակցում էր Արցախեան երկրորդ պատերազմին», – ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը:

Ինչո՞ւ պարտուած ենք, նաեւ հարցուցած է Արայիկ Յարութիւնեան եւ ինքն ալ պատասխանած իր հարցին՝ «որովհետեւ բոլորս միասին ասում էինք ոչ մի թիզ հող»՝ ըստ ամենայնի նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի յարակից եօթ շրջաններու վերաբերեալ հայկական կողմի դիրքորոշումը։ Գոնէ հիմա պէտք է դասեր քաղել այդ սխալներէն, ըսած է Ղարաբաղի ղեկավարը ու շեշտած, որ կը նախատեսեն սերտ համագործակցութիւն Ռուսաստանին հետ։

«Հայաստան աշխարհի ապագան, այդ թւում՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի տեսնում եմ նոր ռազմաքաղաքական աւելի խորը համագործակցութեան շրջանակներում ձեւաւորուած յարաբերութիւններում, եւ Ռուսաստանի հետ միասին կարողանալ դիմակայել այս ստեղծուած իրավիճակին, քանի որ նորից նշում ենք՝ Թուրքիան չի պատրաստւում լքել տարածքը», – ըսած է Յարութիւնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment