Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան Կը Քննադատէ Պայտընին Ու Կը Յայտնէ Որ, Պատրաստ Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման

Էրտողան Կը Քննադատէ Պայտընին Ու Կը Յայտնէ Որ, Պատրաստ Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Հաստատման

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան կոչ ըրած է իր ամերիկացի պաշտօնակից՝ Ճոզէֆ Պայտընին վերանայելու Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման որոշումը՝ զայն «սխալ քայլ» որակելով։ Այս մասին Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց Ապրիլ 26-ի երեկոյեան Անգարա կայացած ասուլիսի ժամանակ։

Էրտողանի այս յայտարութիւններէն պարզ դարձաւ, որ պաշտօնական Անգարան առայժմ զերծ կը մնայ Ուաշինկթոնի նկատմամբ կտրուկ քայլեր առնելէ՝ հարկ համարելով միայն յիշեցնել երկու երկիրներու միջեւ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին։

«Մենք ՆԱԹO-ի կազմին մէջ ընդգրկուած երկու կարեւոր դաշնակիցներ ենք։ Ինչպէ՞ս կարող էք դուք Թուրքիան փոխարինել Հիւսիսատլանտեան դաշինքի հետ որեւէ կապ չունեցող հայկական լոպպիով», – դիմելով ամերիկեան ղեկավարութեան՝ յայտարարած էր Էրտողան։

Ի դէպ, նշենք որ Թուրքիոյ նախագահի 50-րոպէանոց ելոյթի մեծ մասը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու անոնց պատմութեան նուիրուած էր ։

Յիշելով Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերու դերակատարութիւնը, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ղարաբաղեան երկու պատերազմներու եւ նոյնիսկ ԱՍԱԼԱ-ի կողմէ թուրք դիւանագէտներու դէմ յարձակումները, Էրտողան ի վերջոյ հասաւ իր ելոյթի գլխաւոր ուղերձներէն մէկուն՝ պնդելով, թէ Անգարան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու հաստատման։

«Մենք հայ հանրութեան հետ որեւէ խնդիր չունինք։ Մենք հազար տարի շարունակ կողք-կողքի ապրած ենք, ոմանց հետ այսօր ալ խաղաղ կերպով կ’ապրինք։ Մենք կը ցանկանք Հայաստանի հետ բարի դրացիութեան սկզբունքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ կառուցել։ Վերջին 16 տարիներուն մենք [այդ ուղղութեամբ] բազմաթիւ քայլեր ձեռնարկած ենք՝ միշտ զոհաբերութիւններու գնով», – յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահը՝ պնդելով, սակայն, թէ Անգարայի այդ գործողութիւնները այդպէս ալ համարժէք պատասխանի չեն արժանացած։

Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ապրիլ քսանչորսի ուղերձին՝ Թուրքիոյ ղեկավարը յայտարարած էր, որ այս խնդիրը, երկկողմանի յարաբերութիւններու միւս կնճռոտ թեմաներու հետ միասին, կը պատրաստուի քննարկել արդէն մէկուկէս ամիս ետք Պայտընին հետ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս նախատեսուած հանդիպման ընթացքին։

«Կը կարծեմ, որ այս բոլոր խնդիրները ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճոզէֆ Պայտընի հետ մենք կը քննարկենք Յունիսին կայանալիք դէմ առ դէմ հանդիպման ժամանակ, բանալով [մեր յարաբերութիւններու] նոր դարաշրջանի դռները։ Ես կը ցանկամ նաեւ յիշեցնել պարոն Պայտընին, որ մենք նախապէս ալ յարաբերած ենք եւ հիանալի յարաբերութիւններ ունեցած ենք։ Ան նոյնիսկ այնքան բարի գտնուած է, որ այցելած է զիս իմ տունը, երբ ես անառողջ էի», – յայտարարած էր Էրտողան՝ յիշեցնելով տասնամեայ վաղեմութեան իրադարձութիւնները։

2011 թուականի Դեկտեմբերին, այն ժամանակ ԱՄՆ-ի փոխնախագահի պաշտօնը գրաւողղ Ճոզէֆ Պայտըն Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին մեկնած էր Պոլսոյ Սկիւտար թաղամաս՝ այցելելով վիրահատութենէն յետոյ տնային պայմաններու մէջ ապաքինուող Ռէճէպ Էրտողանը։

Հաշուի առնելով Պայտընի հետ նախապէս ունեցած այս բոլոր շփումները՝ Թուրքիոյ նախագահը յոյս ունի, որ Պրիւքսել կայանալիք առաջիկայ բանակցութիւններու ընթացքին կը յաջողի ընդհանուր յայտարարի գալ։ Եթէ ոչ, ապա գործը կարող է հասնիլ աւելի կտրուկ միջոցներու։

«Այժմ մենք պէտք է մէկ կողմ դնենք այն բոլոր խնդիրները, որոնք կը թունաւորեն մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները, եւ դիտարկենք հետագայ քայլերը։ Հակառակ պարագային, մենք այլ ելք չենք ունենար, բացի դիմել համապատասխան քայլերու՝ հաշուի առնելով մեր յարաբերութիւններու մակարդակի այն անկումը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ին», – յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահը։

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ի ուղերձի հրապարակումէն մէկ օր առաջ, ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճոզէֆ Պայտըն թուրք պաշտօնակիցին հետ հեռախօսազրոյցով զգուշացուցած էր, որ կը պատրաստուի 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն անուանել։ Թրքական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցները, ի դէպ, յատուկ ընդգծած են, որ այդ Պայտընի առաջին հեռախօսազրոյցն էր Էրտողանին հետ՝ Յունուարին ԱՄՆ-ի նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment