Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծ Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ Մեճլիսի Նախագահութեան

Կարօ Փայլան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Օրինագիծ Ներկայացուցած Է Թուրքիոյ Մեճլիսի Նախագահութեան

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, հայ պատգամաւոր՝ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ մեճլիսի նախագահութեան օրինագիծ ներկայացուցած է, որով կ’առաջարկէ ճանաչել Հայոց ցեղասպանութիւնը, ցեղասպանութեան պատասխանատուներու անունները վերացնել հանրային վայրերէն եւ փոփոխութիւն կատարել Թուրքիոյ քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»՝ վկայակոչելով Պոլսոյ «Ակօս»-ը, Փայլանի ներկայացուցած օրինագիծի հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ, որպէսզի հայ ժողովուրդի ապրած Մեծ եղեռնը կոչուի իրական անունով: «Մեծ յանցագործութիւնը պէտք է ճանաչուի Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն տուժածները 106 տարի անց պէտք է հասնին արդարութեան»,- նշուած է նախագիծով:

Փայլան Ապրիլ 24-ին ուղերձ յղած էր, ուր նշած էր, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով արդարութեան հասնիլ հնարաւոր է միայն Թուրքիոյ մէջ: «Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է այս հողերուն վրայ, եւ ցեղասպանութեան հարցով արդարութիւնը հնարաւոր է միայն այս հողերուն վրայ: Եթէ Թուրքիան առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան հետ, այլեւս կարեւոր չըլլար, թէ ինչ կ’ըսեն միւս պետութիւններու խորհրդարանները: 106 տարի է, որ կը ժխտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ այդ պատճառով այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկայ կը շարունակուի մնալ»,-նշած էր Փայլան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment