Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թրքական Լիրան Անկում Արձանագրած Է Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք

Թրքական Լիրան Անկում Արձանագրած Է Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումէն Ետք

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք թրքական լիրան մօտեցած է մրցանշային ցած ցուցանիշի, ինչ որ աւելի վատթարացուցած է ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին յայտնած է «Ahval news»-ը:

Լիրան անկում արձանագրած է 1,2 տոկոսով, հասնելով մէկ տոլարի դիմաց 8,48 լիրայի: Նոյեմբերին արձանագրուած ցուցանիշը 8,58 էր, իսկ վերջին շրջանին Թրքական լիրայի անկման հակամրցանիշ արձանագրուած էր Սեպտեմբեր 29-ին: Այդ օրը մէկ ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը կազմած էր 7.83 թրքական լիրա:

Լրատուամիջոցը յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը խնդիր դարձած է ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու պետութիւններուն միջեւ: Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ետ կանչած է Ուաշինկթոնի մօտ իր դեսպանին խորհրդակցութիւններու նպատակով, իսկ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի պաշտօնական ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ պատասխան քաղաքական արձագանգը կ’ըլլայ մօտակայ ամիսներու ընթացքին:

Յօդուածը  յիշեցուցած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ը ու Թուրքիան խնդիր ունին նաեւ Անգարայի կողմէ Ռուսական C-400 հրթիռներու գնման հետ կապուած:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները ուժեղացուցած են Անգարայի  ԱՄՆ-ի դեսպանատան անվտանգութիւնը, այն բանէն յետոյ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն իր ուղերձով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Թուրքիոյ մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատունն ու հիւպատոսութիւնը յայտարարած են, որ անվտանգութեան նկատառումներէն ելլելով՝ պիտի փակեն Ապրիլ 26-ին եւ 27-ին, քանի որ բողոքի հաւաքներու հաւանականութիւն կայ:

Ոստիկանութեան աշխատակիցները ձգած են ԱՄՆ-ի դիւանագիտական առաքելութեան վարչական շէնքերու յարակից տարածքները: Լրատուամիջոցը յայտնած է, որ մինչեւ հիմա իրավիճակը հանդարտ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment