Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւան Թուրքիոյ Կողմէ Գործնական Քայլեր Կ’ակնկալէ Ոչ Թէ Խօսքեր. ԱԳՆ

Երեւան Թուրքիոյ Կողմէ Գործնական Քայլեր Կ’ակնկալէ Ոչ Թէ Խօսքեր. ԱԳՆ

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը նկատի առած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին Թուրքիոյ նախագահ՝ Էրտողանի յայտարարութիւնը, սակայն կը նախընտրէ գործնական քայլեր տեսնել Անգարայէն, այսօր՝ Ապրիլ 26-ին, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիելյոս Լանտսպըրկիսի հետ կայացած համատեղ ասուլիսին, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան։

Յատկանշական է, որ Թուրքիան նախագահի մակարդակով սկսաւ խօսիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու մասին, ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ճանաչելու ֆոնին։

«Մենք ծանօթ ենք Թուրքիոյ նախագահի նամակին եւ այնտեղ հնչեցուած պատրաստակամութեանը, բայց պէտք է նշեմ, որ մենք կարեւորում ենք ոչ միայն խօսքերը, այլեւ գործերը, ինչի մասին մենք շատ յստակ արտայայտուել ենք: Նախկինում էլ եղել են նման ուղերձներ, անգամ եղել է ստորագրուած երկկողմ փաստաթուղթ, որը սակայն չի ունեցել դրական շարունակութիւն: Մէկ անգամ եւս ուզում եմ վերահաստատել, որ մեզ համար կարեւոր են ոչ թէ խօսքերը, այլ գործերը», – նշեց Այվազեան:

Այս Ապրիլ 24-ին, նամակ յղելով Պոլսոյ Հայոց պատրիարք՝ Սահակ Մաշալեանին՝ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան վստահեցուցած  է, թէ Անգարան կը ձգտի բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ:

«Տարբեր առիթներով մենք միշտ յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք ամրապնդել մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՝ բարի դրացիութեան եւ փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ։ Անգամ մը եւս բարձրաձայն կրկնած ենք մեր այս կոչը, երբ Ղարաբաղի ճգնաժամը լուծուեցաւ։ Ես կը կրկնեմ նոյն կոչը»,- Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքէջի հաղորդմամբ՝ գրած է Էրտողան։

Նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան այսօր «շատ մեծ աւանդ» որակեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին ԱՄՆ-ի նախագահի յայտարարութիւնը։

«Ամբողջովին կիսում եմ նախագահ Պայտընի ուղերձում արտայայտուած այն միտքը, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործուն քայլեր ձեռնարկի՝ կանխելու նմանօրինակ միջազգային յանցանքների կրկնութիւնն ապագայում: Ցեղասպանութիւնների կանխարգելման ու դատապարտման գործում Հայաստանը միջազգային օրակարգ առաջ մղելու առաջամարտիկներից է, եւ այդ իմաստով նախագահ Պայտընի ուղերձը շատ մեծ աւանդ է», – ընդգծեց Արա Այվազեան:

Ապրիլ 29-30-ին, Կազանի մէջ պիտի կայանայ ԵՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) միջկառավարական խորհուրդի նիստը, եւ նախորդ օրերուն յատկապէս ռուսաստանեան մամուլը գրած էր, թէ հնարաւոր է, որ այդ նիստին իր ներկայացուցիչը ունենայ նաեւ Ատրպէյճանը, սակայն Հայաստանը դէմ է  պատճառաբանելով, որ առկայ են շարք մը խնդիրներ՝ ներառեալ հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման հարցը։

Արա Այվազեան  այսօր այն հարցին, թէ արդեօք Հայաստանը արգելափակած է Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը վարչապետերու մակարդակով կայանալիք ԵՏՄ նիստին, պատասխանեց,-«Որեւէ համաձայնութիւն չկայ ձեր նշուած երկրին որեւէ կարգավիճակով հրաւիրելու նման միջոցառմանը, եւ դրանով կը սահմանափակուեմ»:

Հայ ռազմագերիներու հարցին այսօր անդրադարձաւ նաեւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Լանտսպըրկիսը՝ ընդգծելով, որ բոլոր ռազմագերիները պէտք է վերադառնան Հայաստան։

«Կրնամ ըսել, որ Եւրոպական միութեան դիրքորոշումը շատ յստակ է՝ անազատութեան մէջ գտնուող բոլոր ռազմագերիները պէտք է ազատ արձակուին ու վերադառնան Հայաստան, եթէ կ’ակնկալենք, որ պէտք է տեղի ունենայ վստահութեան որեւէ ամրապնդում։ Ես ամբողջովին համաձայն եմ Եւրամիութեան այս դիրքորոշման հետ», – նշած է Լիթուանիոյ ԱԳ նախարարը։

Եւրոպական միութեան անդամ՝ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «ժամանած ենք Երեւան ընդգծելու մեր աջակցութիւնը Հայաստանին»:

«Մենք այստեղ ենք օժանդակելու եւ աջակցելու։ Կը ցանկայինք տեսնել, թէ Եւրոպան ինչպէս կ’օժանդակէ ու կ’աջակցի Հայաստանին՝ աւելի շատ ճանապարհներով, քան կը կատարուի այժմ։ Կը կարծեմ, իրապէս կարող ենք Հայաստանին աջակցելու նոր ճանապարհներ գտնել՝ քաղաքական, մարդասիրական աջակցութեան եւ տնտեսական առումներով։ Կը կարծեմ, որ այդ աջակցութիւնը կարող է խորանալ եւ ընդլայնուիլ։ Ի՞նչ կը պահանջուի՝ Երեւանէն հասցէագրուած յստակ ուղերձ, եւ, կը կարծեմ, որ եւրոպական մայրաքաղաքներու ու Պրիւքսելի մէջ դուք կը գտնէք աւելի շատ ընկերներ, որոնք պատրաստ են աջակցիլ», – ընդգծած է Լանտսպըրկիս։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment