Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւ Կրկին Յայտարարած Է, Թէ Պաքուն Կ’աշխատի «Զանգեզուրեան Փոխադրային Միջանցքի Ուղղութեամբ»

Ալիեւ Կրկին Յայտարարած Է, Թէ Պաքուն Կ’աշխատի «Զանգեզուրեան Փոխադրային Միջանցքի Ուղղութեամբ»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ կրկին յայտարարած է, թէ Պաքուն կը շարունակէ աշխատիլ «զանգեզուրեան փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ»։

«Ներկայիս մենք կ’աշխատինք «զանգեզուրեան փոխադրային միջանցքի» վրայ, որ պիտի դառնայ Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի մէկ մասը՝ Ասիան Եւրոպայի հետ միացնող։ Այդ միջանցքը թոյլ պիտի տայ ամրապնդել Ատրպէյճանի դիրքերը Եւրասիոյ կեդրոնը», – յայտարարած է Ալիեւ` գործընկեր երկիրները հրաւիրելով ուսումնասիրելու տարածաշրջանային այդ նախագիծի հեռանկարները։ Այս մասին Ատրպէյճանի առաջնորդը խօսած է ՄԱԿ-ի Ասիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի 77-րդ նիստի ընթացքին։

Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբաթ Ատրպէյճանի նախագահը վստահեցուցած էր, թէ պիտի կատարեն «զանգեզուրի միջանցքի իրագործման խնդիրը»՝ անկախ թէ Հայաստան ուզէ այդ, կամ՝ ոչ: Եթէ Հայաստանը ցանկայ, խնդիրը, ըստ Ալիեւի, կարելի է լուծել հեշտութեամբ, եթէ ոչ՝ իրենք «այն կը լուծեն ուժով»: Ան նաեւ յայտարարած էր, թէ «101 տարի անց ատրպէյճանական ժողովուրդը կը վերադառնայ զաւթուած Զանգեզուր»:

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով այդ յայտարարութեան, հաւաստիացուցած էր, թէ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան մէջ ո՛չ Զանգեզուր, ո՛չ Սիւնիք, ո՛չ միջանցք արտայայտութիւնները կան, խօսքը տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման մասին է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment