Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. Ղարաբաղեան Երկրորդ Պատերազմը Ցեղասպան Գաղափարախօսութեան Վերածնունդի Վկայութիւնն Է

Փաշինեան. Ղարաբաղեան Երկրորդ Պատերազմը Ցեղասպան Գաղափարախօսութեան Վերածնունդի Վկայութիւնն Է

by MassisPost

Ապրիլ 24-ի առաւօտեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներու եւ օտարերկրեայ պատուիրակութիւններու հետ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Երկրորդ, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այսօր իշխանութիւններէն առանձին այցելեց յուշահամալիր՝ կատարելու համար «Սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ»:

Յիշեցնելով, որ մէկ ու կէս միլիոն հայեր Օսմանեան կայսրութեան երիտթրքական կառավարութեան յանցաւոր քաղաքականութեան զոհ դարձան, վարչապետը իր օրուայ ուղերձին մէջ ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ այն ծնած գաղափարախօսութիւնը մնացին անպատիժ: Իսկ անպատիժ մնացած յանցագործութիւնները եւ դրանց սնած գաղափարախօսութիւններն ունեն կրկնուելու եւ վերստին ի յայտ գալու սովորութիւն: Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը, Արցախում հայ ժողովրդի բնաջնջմանն ուղղուած ատրպէյճանա-թուրքական ագրեսիան, Թուրքիայի ծաւալապաշտական արտաքին քաղաքականութիւնը, Հայաստանի հանդէպ տարածքային նկրտումները ցեղասպան գաղափարախօսութեան վերածննդի վկայութիւնն են»:

Շարունակելով Փաշինեան աւելցուց. «Ասուածը, սակայն, որեւէ կերպ չի կարելի մեկնաբանել որպէս տարածաշրջանային երկխօսութեան ժխտում: Մենք պատրաստ ենք դրան: Սակայն մեր պատկերացրած երկխօսութիւնը չի կարող լինել ուժի դիրքերից: Այն կարող է տեղի ունենալ միայն իրաւահաւասարութեան սկզբունքով: Մենք երբեւէ հարցականի տակ չենք դնի Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment