Թիֆլիս կը մնայ պատրաստակամ՝ հարթակ տրամադրելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներու բանակցութիւններու համար, երէկ՝ Ապրիլ 15-ին, յայտարարած է Վրաստանի նախագահ՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլին՝ Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի հետ համատեղ ասուլիսին։
«Վրաստանը ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին եւ հիմա ալ կանգնած է խաղաղութեան կողքին, եւ այդ նպատակով ալ առաջարկած ենք Թիֆլիսի մէջ հանդիպում կայացնել՝ երկխօսութեան ու իրավիճակի կարգաւորման համար։ Այդ առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ», – ըսած է Զուրապիշվիլին։
Հայաստանի նախագահը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Վրաստան, յայտարարած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամրապնդումը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան ամրապնդման կարեւոր նախադրեալներէն մէկն է։