Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կեանքէն Հեռացած Է Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Արման Նաւասարդեան

Կեանքէն Հեռացած Է Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպան՝ Արման Նաւասարդեան

by MassisPost

Կեանքէն հեռացած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Արման Նաւասարդեան, յայտնած է Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ՝ Ռուբէն Սաֆրաստեան:

«Կեանքից հեռացել է ԱՐՄԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆԸ՝ իմ 30 տարուայ սիրելի աւագ ընկերը, փորձառու դիւանագէտ-միջազգայնագէտը եւ հետաքրքիր անհատականութիւնը», – իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Սաֆրաստեան:

Նաւասարդեան 1993-1998 թուականներուն եղած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Աւստրիոյ մօտ՝ համատեղութեան կարգով Հունգարիոյ, ՀՀ ներկայացուցիչը ԵԱՀՄ-ի եւ ՄԱԿ-ի Վիեննայի գրասենեակի: 1998-2001 թուականներուն ալ՝ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Լիբանանի մօտ: 2013-էն գրաւած է Հայ-Ռուսական համալսարանի իրաւունքի եւ քաղաքականութեան հիմնարկի միջազգային յարաբերութիւններու եւ համաշխարհային քաղաքականութեան ամպիոնի վարիչի պաշտօնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment