Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայ Գերիներու Հարցը Ռուսաստանի Առաջնահերթութիւններէն Է, Կը Հաւաստիացնէ Դեսպան Քոփիրքին

Հայ Գերիներու Հարցը Ռուսաստանի Առաջնահերթութիւններէն Է, Կը Հաւաստիացնէ Դեսպան Քոփիրքին

by MassisPost

Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու հարցը Ռուսաստանի առաջնահերթութիւններէն է, այսօր՝ Ապրիլ 12-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի մօտ Ռուսաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։ Սերկէյ Քոփիրքինի պնդմամբ՝ այդ ուղղութեամբ յամառ աշխատանք կը կատարուի։

«Գիտէք, այդ մասին կը խօսի մեր ղեկավարութիւնը։ Հարցը մեր առաջնահերթութիւններէն է՝ ե՛ւ Ռուսաստանի ղեկավարութեան, եւ՛ խաղաղապահ զօրակազմի։ Յամառ աշխատանք կը տարուի, կան որոշակի առաջխաղացումներ, դուք գիտէք։ Քանի մը անգամ գերիներ վերադարձուեցան։ Աշխատանքը կը շարունակուի», – ըսած է դեսպանը:

Հայ գերիներու հերթական խումբի վերադարձը հայրենիք անցեալ շաբաթ՝ Փաշինեան – Փութին հանդիպումէն յետոյ կը սպասուէր, տեղեկութիւնը հաստատած էին կառավարութենէն` չնշելով, սակայն, թէ քանի գերի պէտք է վերադարձուի։ Ապրիլ 8-ին «Էրեբունի» օդակայան ինքնաթիռը դատարկ ժամանած էր, պաշտօնապէս սակայն չյայտարարուեցաւ, թէ արդեօք Մոսկոուայի հանդիպման ընթացքին Հայաստանի ու Ռուսաստանի ղեկավարները գերիներու վերադարձի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած էին, թէ ոչ։ Պաշտօնական Պաքուն ալ յայտարարեց, թէ գերիներու հարցը փակուած է, եւ Ատրպէյճան պահուող անձինք ռազմագերիներ չեն։

ՌԴ դեսպանը այսօր պաշտօնական Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն չարձագանգեց. – «Ինծի համար դժուար է մեկնաբանել ատրպէյճանական կողմի յայտարարութիւնը։ Ինչքանով որ յայտնի է՝ աշխատանքը կը շարունակուի»։

Հայկական կողմը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան (ՄԻԵԴ) ուղարկած է 250 անձի վերաբերեալ դիմումներ: Անոնցմէ 230-ի վերաբերեալ Սթրազպուրկի դատարանը կիրառած է միջանկեալ միջոց։

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Հայաստանի ներկայացուցչի գրասենեակէն յայտնած են, որ հաշուի առնելով անցեալ ամիսներուն վերադարձածներուն՝ այժմ դատարանի ուշադրութեան ներքոյ է 183 անձի գործ, որմէ միայն 72-ի առկայութեան մասին հաստատած է Ատրպէյճանը։

Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը Ատրպէյճանէն հնչող յայտարարութիւններուն մէջ հակասութիւններ կը տեսնէ. Պաքուն անգամ մը ահաբեկիչ կը համարէ եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ գերեվարուած հայ պահեստազօրայինները, ուրիշ անգամ ալ՝ բոլոր պահուող անձերը, այն պարագային, երբ անոնցմէ քանի մը հոգին արդէն Հայաստան վերադարձուցած է ։

«Սրանով ակնյայտօրէն հոգեկան տառապանքներ են պատճառում գերիների ընտանիքներին, հարազատներին, հայ հասարակութեան զգացմունքներին հետ են խաղում։ Նաեւ կրկնակի տառապանքներ են պատճառում անյայտ կորածների ընտանիքներին, որովհետեւ նրանք չեն հրապարակում իրական թիւը, եւ պարզ է, չէ՞, որ մեր անյայտ կորած տղաների ծնողները յոյս ունեն եւ մտածում են, որ նաեւ իրենց զաւակները կենդանի են, գերութեան մէջ են գտնւում», – ըսած է Թաթոյեան։

Անոր խօսքով, այս իրավիճակին մէջ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը հայկական կողմի փաստարկներուն ալ ծանօթանայ։

Հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման եւ վերադարձի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանէն ներս նախատեսուող քննարկման Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը զեկոյց կը ներկայացնէ․ – «Ամենագլխաւոր փաստարկը, որ ես ներկայացնելու եմ, անընդհատ ներկայացնում ենք, ու այսօր էլ ներկայացնելու եմ, այն է, որ իրականում մենք գործ ունենք թէ՛ Նոյեմբեր 9-ից առաջ, թէ՛ Նոյեմբեր 9-ից յետոյ ընթացիկ, բաց, զինուած հակամարտութեան հետ։ Հետեւաբար ով էլ որ ինչ ժամանակահատուածում էլ որ գերի է ընկնում, ապա կարգավիճակով այդպիսին է, եւ հետեւաբար միջազգային բոլոր նորմերի պաշտպանութեան տակ է»։

Ընդհանուր առմամբ, մինչեւ օրս Ատրպէյճանէն Հայաստան վերադարձուած է 69 գերի, անոնց կարգին՝ քաղաքացիական անձինք։ Իսկ Հայաստան Ատրպէյճանին փոխանցած է 15 անձ, որոնց մէջ ոչ միայն ռազմագերիներ են, այլեւ Արցախի մէջ երեխայի սպաննութեան ու այլ յանցագործութիւններու համար դատապարտուած Ատրպէյճանցիներ Շահպազ Կուլիեւն ու Տիլհամ Ասքերովը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment