Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Սպասենք Պայտընի Խոստումին Իրականացման

Կը Սպասենք Պայտընի Խոստումին Իրականացման

by MassisPost

Ապրիլ 24, 2020-ին տակաւին նախագահի թեկնածու՝ Ճօ Պայտըն հրապարակեց յայտարարութիւն մը ըսելով որ, եթէ նախագահ ընտրուի կը խոստանայ աջակցիլ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւին: Ներկայիս Պայտըն դարձած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ ու սրընթաց կերպով գործադրութեան կը դնէ ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, տնտեսական ու ընկերային հարցերուն առնչուող իր բոլոր նախընտրական խոստումները: Այժմ կը մօտենանք Ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ու լաւատեսութիւն կը տիրէ Հայկական շրջանակներուն մօտ, որ վերջապէս Սպիտակ Տան բնակիչը տէր պիտի կանգնի իր խոստումին ու Ապրիլեան իր պատգամին մէջ պիտի օգտագործէ «ցեղասպանութիւն» եզրը, առանց պահուըտելու «մեծ եղեռն», «ողբերգական դէպքեր» «կոտորածներ» եւ այլ նման որակումներու ետին, որոնք կ՛օգտագործուէին իր նախորդներուն կողմէ:

Ամերիկեան Գոնկրէսի անդամներ ու լրատուամիջոցներ այս օրերուն կը յիշեցնեն Պայտընին՝ իր խոստումը յարգելու նշանակութիւնը եւ կարեւորութիւնը: Վերջինը «Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթի խմբագրական կազմի հաւաքական գրութիւնն էր, ուր ի միջ այլոց ըսուած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն հնարաւորութիւն ունի այս ամիս, որ Օսմանեան կայսրութեան հայերու զանգուածային կոտորածէն շուրջ մէկ դար անց, կատարուածը կոչել ճշգրիտ եզրոյթով՝ ցեղասպանութիւն»: Մեծ հեղինակութիւն վայելող թերթը զարմանք կը յայտնէ, որ հայերու հետ տեղի ունեցածը «ցեղասպանութիւն» եզրոյթով անուանելու հարցը նոյնիսկ քննարկման կը դրուի:

Սպիտակ Տան մօտ աղբիւրներ կը յայտնեն, որ Պայտընի վարչակազմը մեծ հաւանականութեամբ պիտի առնէ այդ քայլը ու իրերը կոչէ իրենց անունով: Թրքական կառավարութիւնը լրջօրէն մտահոգուած է այս հարցով ու կ՛ըսուի թէ ան գաղտնի դիւանագիտութիւն կը վարէ՝ կանխելու համար Պայտընի կողմէ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» արտայայտութեան օգտագործումը: Թրքական կողմը Ամերիկեան վարչակազմին նոյնիսկ «խոստացած» է Հայաստանի հետ կարգաւորել իր յարաբերութիւնները եւ պատրաստ է բանալու՝ սահմանները:

Ներկայիս, Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները կը բոլորեն իրենց վատագոյն ժամանակաշրջանը: Ամերիկա դժգոհ է, որ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակից երկիրը Ռուսական S-400 հրթիռային համակարգ կը տեղադրէ իր տարածքէն ներս, որուն ի պատասխան Թուրքիան դուրս ձգուեցաւ գեր-արդիական F-35 կործանիչներու մատակարարման ծրագիրէն: Նոր վարչակազմը նաեւ աւելի մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ Թուրքիոյ ներքին հարցերուն, երբ նախագահ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդները կ՛ենթարկուին հալածանքներու ու երկարատեւ բանտարկութեան: Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը յիշեն Ճօ Պայտընի հարցազրոյցը «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին հետ, որու ընթացքին Ամերիկայի ապագայ նախագահը կը խօսէր Էրտողանի բռնատիրական իշխանութիւնը հեռացնելու մասին:

Այս բոլորի կողքին կայ նաեւ Պայտըն-Էրտողան անձնական յարաբերութիւններու բացակայութիւնը: Պաշտօնի գալէն աւելի քան երկու ամիս անց, Պայտըն տակաւին չէ պատասխանած Էրտողանի շնորհաւորական հեռաձայնին: Սպիտակ Տան խօսնակ՝ Ճին Փսաքի վերջերս պատասխանելով լրագրողներու հարցին ըսած էր թէ, «օրին մէկը» այդ հեռաձայնային խօսակցութիւնը պիտի կայանայ:

Փաստ է որ, նոր նախագահի ընտրութենէն ետք Էրտողան կորսնցուցած է իր ազդեցութիւնը Սպիտակ Տան վրայ: Անոր ու Տանոլտ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային խօսակցութիւնները, ի զարմանս քաղաքական շրջանակներու, գրեթէ մնայուն բնոյթ կը կրէին, բովանդակութեան մասին տեղեկութիւն չէր հաղորդուեր եւ շատ յաճախ նախկին նախագահը տեղի կու տար Թուրքիոյ նախագահի պահանջներուն:

2019-ին, Գոնկրէսի երկու պալատները՝ Ներկայացուցիչներու Տունը եւ ապա Ծերակոյտը գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեցին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանաչող բանաձեւեր: Նախագահ Թրամփ մերժեց հետեւիլ այդ օրինակին ու 2020-ի իր պատգամին մէջ բաւարարուեցաւ օգտագործելով «մեծ եղեռն» եզրը: Այժմ հերթը եկած է Ճօ Պայտընին, որ կը նկատուի սկզբունքային անձնաւորութիւն ու մենք կը սպասենք որ ան կ՛իրականացնէ իր խոստումը ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը կը կոչէ իր իսկական անունով:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment