Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Amnesty International-ը 2020-ին Ազատութիւններու Սահմանափակումներ Արձանագրած Է Հայաստանի Մէջ

Amnesty International-ը 2020-ին Ազատութիւններու Սահմանափակումներ Արձանագրած Է Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Ատրպէյճանի հետ զինուած հակամարտութիւն, համաճարակի պատճառով սահմանուած արտակարգ իրավիճակի եւ ռազմական դրութեան պայմաններուն ազատ կամարտայայտման սահմանափակումներ, Ամուլսարի հանքի շահագործման շուրջ մտահոգութիւններ եւ անով պայմանաւորուած ցոյցերու մասնակիցներու ձերբակալութիւններ, տուգանքներ․ Հայաստանի մէջ այս իրադարձութիւնները առանձնացուցած է Amnesty International միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան մասին տարեկան զեկոյցով։

Կառոյցը, ներկայացնելով անցեալ տարուայ Սեպտեմբեր 27-ին սկիզբ առած պատերազմի ընթացքը, հակամարտող կողմերը կը մեղադրէ պատերազմական յանցագործութիւններու համար, պնդելով, որ թէ՛ Պաքուն, թէ՛ Երեւանը ծանր զինատեսակներու, հրթիռային համակարգերու կիրառմամբ թիրախ դարձուցած են խիտ բնակեցուած քաղաքացիական շրջաններ: Վկայակոչելով համացանցով տարածուած տեսանիւթերը՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը նաեւ պնդած է, որ երկու երկիրներու զինուած ուժերը դաժան վերաբերմունք դրսեւորած են հակառակ կողմի զինուորականներուն նկատմամբ։

Amnesty International-ը արձանագրած է, որ Հայաստանի մէջ անցեալ տարուայ ընթացքին խաղաղ հաւաքներու եւ ազատ կամարտայայտման իրաւունքները սահմանափակուած են նախ համաճարակով պայմանաւորուած, ապա՝ պատերազմով։ Արտակարգ դրութեան ծիրէն ներս, ի թիւս այլ սահմանափակումներու, պաշտօնապէս արգիլուած էին նաեւ 20-էն աւելի մարդոց մասնակցութեամբ հաւաքները, ինչպէս նաեւ համաճարակի մասին այսպէս կոչուած «ոչ պաշտօնական տեղեկատուութեան» հրապարակումը։

Կազմակերպութիւնը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ստիպած է շուրջ երկու տասնեակ պարբերականներ ջնջել կամ խմբագրել տեղեկատուութիւն, զոր իշխանությունները գնահատած են որպէս «խուճապի տարածման նպաստող»։ Միջազգային եւ տեղական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէն կոշտ քննադատութենէն յետոյ լրատուամիջոցներու նկատամամբ գործող այդ սահմանափակումները անցեալ Ապրիլին ի վերջոյ չեղեալ համարուեցան, նշած է կառոյցը եւ աւելցուցած, որ սահմանափակումները նոր թափով վերականգնուեցան պատերազմի ընթացքին ու եռակողմ համաձայնութիւններէն յետոյ, որպէսզի «արգիլուին հակակառավարական ցոյցերը՝ վարչապետի հրաժարականի պահանջով»։

«Շրջակայ միջավայրի յետընթաց». այսպէս վերնագրած է բողոքի ցոյցերու, ձերբակալութիւններու յանգեցած՝ Ամուլսարի հանքի շահագործման շուրջ զարգացումները Amnesty International-ը զեկոյցի Հայաստանին վերաբերող բաժնին մէջ։ Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ դեռ մէկ տարի առաջ, Փաշինեանի վարչակազմի առաջարկած օրէնսդրական փոփոխութիւններու մասին, որոնք, ինչպէս նշած է, թոյլ կու տան չբացայայտել այն տեղեկատուութիւնը, որ կրնայ «բացասաբար ազդել շրջակայ միջավայրի վրայ»։ Զեկոյցի հեղինակները վկայակոչած են բնապահպաններու մտավախութիւնները, ըստ որոնց՝ կառավարութիւնը կը ձգտի նուազեցնել թափանցիկութիւնը բնապահպանական հարցերով՝ արդիւնահանողներու շահերը վեր դասելով տեղացիներու շահերէն։

Հայաստանի հարեւան Ատրպէյճանի մէջ, ինչպէս նշած է հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը, խաղաղ բնակչութիւնը տառապած է ոչ միայն ծանր մարտերէն, այլ նաեւ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն։ Զեկոյցի հեղինակները գրած են, որ Ալիեւի վարչակազմը պատերազմի եւ համաճարակի պատրուակով շատցուցած է յարձակումները այլախոհներու նկատմամբ, ընդդիմութեան տասնեակ առաջնորդներ եւ աքթիվիսթներ կամայականօրէն ձերբակալուած եւ կալանաւորուած են, հետապնդումներու ենթարկուած են փաստաբաններ, բազմաթիւ հաղորդումներ ստացուած են կալանքի տակ գտնուող իշխանութեան քննադատներու նկատմամբ խոշտանգումներու եւ դաժան վերաբերմունքի մասին։

Փաստաթուղթով մանրամասն նկարագրուած է, թէ ինչպէս ատրպէյճանական ուժայինները անհամաչափ ուժի կիրառմամբ ցրած են ամենափոքր հաւաքներէն մինչեւ մարդաշատ բողոքի ցոյցերը՝ բռնութիւններու գործադրմամբ ձերբակալելով եւ կալանաւորելով տասնեակ ցուցարարներ, անոնց կարգին՝ կին աքթիվիսթները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment