Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արդարադատութեան Նախարարը Ընդունած Է, Որ Որոշ Հարցերու Մէջ Ձախողութիւններ Կան

Արդարադատութեան Նախարարը Ընդունած Է, Որ Որոշ Հարցերու Մէջ Ձախողութիւններ Կան

by MassisPost

«Հանրութեան հետ յարաբերութիւններում պէտք է ազնիւ լինել եւ ընդունել որ որոշ հարցերում ունենք ձախողումներ», – այսօր՝ Ապրիլ 7-ին, Ազգային ժողովէն ներս, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին, անկեղծօրէն ըսաւ արդարադատութեան նախարար՝ Ռուստամ Բադասեան։

Ան ընդգծեց, որ իրենց քաղաքական նպատակը եղած է թէ՛ տեղի ունեցած ամբողջ ցաւալի իրադարձութիւններու բացայայտումը, թէ՛ դատաիրաւական բարեփոխութիւնները, թէ՛ անկախ դատական համակարգի ստեղծումը, թէ՛ հակաքոռուփցիոն բարեփութիւնները, եւ անհանդուրժողականութիւնը քոռուփցիայի նկատմամբ։

«Կարծում եմ առնուազն հանրային ընկալում կայ, որ այս ոլորտներում մենք առնուազն դանդաղկոտութիւն ենք ցուցաբերել, որոշ գործողութիւններ չենք արել։ Ես չէի ուզի արդարանալ, որովհետեւ բացարձակ կարեւոր չէ, թէ ինչ փաստարկներ կը բերուեն։ Ակնյայտ է, որ այս ոլորտում ունենք յաջողութիւններ, որոնք հաստատութենական մակարդակում են եւ երեւացող չեն հանրութեան համար եւ կայ դժգոհութիւն այս առումով», – ըսաւ Բադասեան՝ շարունակելով, որ « ամէն յստակ գործընթացի մասով կայ յստակ պատասխանատու, եւ չի կարելի ամէն հարցի յստակ պատասխանը ակնկալել քաղաքական իշխանութիւնից, բայց կարծում եմ, որ հանրութեան հետ յարաբերութիւններում պէտք է ազնիւ լինել եւ ընդունել, որ որոշ հարցերում մենք ունենք ձախողումներ»։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Ապրիլ 6-ի Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը արդարացուց Մարտ 1-ի գործով երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը եւ անոր նախկին ենթակաները սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածով։ Օրեր առաջ Սահմանադրական դատարանը հակասահմանադրական ճանչցած էր այդ յօդուածը։

Լրագրողներու դիտարկման, թէ Բադասեան ըսած էր, որ Մարտ 1-ի գործով մեծ աշխատանք կայ կատարուած, իսկ ամենավերին մակարդակով յայտարարուած էր, որ Մարտ 1-ը բացայայտուած է, Բադասեանն այսպէս արձագանգեց․ – «Մեկնաբանուել է, թէ ինչ է նշանակում բացայայտուել։ Մենք հիմա ունենք նոր հանգամանքներ, Սահմանադրական դատարանի որոշում, յստակ գործով դատարանի որոշում, ես կարող եմ իմ մասով խօսել․ դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներով ես պատասխանատուն եմ, քննադատութեան հիմնական թիրախը նրանում է, որ վեթթինգ չի կատարուել, ես պատրաստ եմ կրել քաղաքական պատասխանատուութիւն, ինչ որոշում որ կը կայացուի, եթէ կը վերլուծուի, որ ես եմ պատասխանատուն՝ դատաիրաւական բարեփոխումներ եւ վեթթինգը չանելու»։

Միեւնոյն ժամանակ նախարարը ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ անկախ դատական իշխանութիւն, բարեվարք եւ արհեստավարժ դատաւորներով համալրուած դատական համակարգ ստեղծելու պայքարը աւարտած չէ: «Անձնապէս իմ պայքարը չի աւարտուել, ինչ կարգավիճակով էլ դա կը լինի», – եզրափակեց Բադասեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment