Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քիմ Քարտաշեան Ընդգրկուած է Forbes-ի Միլիառատէրերու Ցանկին Մէջ

Քիմ Քարտաշեան Ընդգրկուած է Forbes-ի Միլիառատէրերու Ցանկին Մէջ

by MassisPost

Ամերիկեան հեռատեսիլային աստղ, գործարար՝ Քիմ Քարտաշեանի հարստութիւնը արդէն գերազանցած է 1 միլիառ ԱՄՆ տոլարը, ան պաշտօնապէս ընդգրկուած է Forbes-ի միլիառատէրերու ցանկին մէջ:

Եթէ Հոկտեմբերին Քիմ Քարտաշեանի հարստութիւնը կը գնահատուէր շուրջ 780 միլիոն ԱՄՆ տոլարով, ապա KKW Beauty գեղեցկագիտական ապրանքանիշի եւ Skims ներքնազգեստներու արտադրութեան, ինչպէս նաեւ իրապատում շոուի, շարք մը ներդրումներու ու գործարքներու շնորհիւ յաջողած է աւելցնել հարստութիւնը՝ հասցնելով 1 միլիառ ԱՄՆ տոլարի:

Ան նաեւ ունի երեք անշարժ գոյք Քազապլանքայի մէջ, Disney-ի, Amazon-ի, Netflix-ի եւ Adidas բաժնետոմսեր, որոնք 2017 թուականին ստացած էր ամուսինէն՝ Քանյէ Ուեսթէն, որպէս Սուրբ ծնունդի նուէր:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Forbes-ի միլիառատէրերու ցանկին վրայ, 40-ամեայ Քիմը այս պահուն կը գրաւէ 2755-րդ տեղը: Ցուցակը կը գլխաւորեն Ճէֆ Պեզոսը (177 միլիառ ԱՄՆ տոլար), Իլոն Մասքը (151 միլիառ ԱՄՆ տոլար) եւ Պեռնար Առնոն ու անոր ընտանիքը (150 միլիառ ԱՄՆ տոլար):

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment