Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հրապարակային Հանդիպում Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

Հրապարակային Հանդիպում Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի Հետ

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Քաղաքական Դիւանի կազմակերպութեամբ, Ապրիլ 4-ի երեկոյեան ՀԿԲՄ-ի Փասատինայի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ հրապարակային հանդիպում հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի հետ: Ան այս օրերուն ԱՄՆ-ի կարգ մը հայաշատ գաղութներուն մէջ հետաքրքրական հանդիպումներով հանդէս կու գայ իր հեղինակած վերջին հատորի՝ «Մահուան Հովիտ 44 Օրեայ Աղէտ» խորագիրը կրող եւ Արցախի վերջին պատերազմի մասին պատմող հրատարակութեան առթիւ: Թաթուլ Յակոբեան հեղինակն է նաեւ «Հայերը եւ Թուրքերը», «Կանաչ Ու Սեւ», «Armenians and Turks», «Karabagh Diary Green and Black» գիրքերուն:

Համաճարակի պատճառով ներկաներու թիւը սահմանափակուած էր, սակայն առիթ ստեղծուած էր ասուլիսին մասնակցելու եւ հարցեր ուղղելու առցանց եւ կամ դիտելու ընկերային հարթակներու միջոցաւ:

Հանդիպումին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Համբիկ ՍարաՖեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեան, ինչպէս նաեւ հայ մամուլի, հեռատելիսլի եւ քոյր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Սոյն միջոցառումի հանդիսավարն ու համակարգիչն է Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի փոխ-ատենապետ՝ իրաւաբան Գրիգոր Մոլոյեան: Ան ողջունելէ ետք ներկայ հասարակութիւնը խնդրեց մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգել Արցախի հերոսական պայքարին զոհուած հայ ազատամարտիկներու յիշատակը: Այնուհետեւ ամփոփ գիծերով ներկայացուց օրուան հիւր ծանօթ լրագրող, վերլուծաբան եւ հեղինակ՝ Թաթուլ Յակոբեանը:

Ttaul-SDHP-3

Իր նախաբանին մէջ՝ Թաթուլ Յակոբեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան սոյն պատեհ առիթին համար: Մասնաւորաբար շեշտեց որ ինք անկախ լրագրող մը ըլլալով չի պատկանիր որեւէ կուսակցութեան կամ ազդեցութիւններու: Այլ խօսքով՝ ինքնուրոյն անձնաւորութիւն մըն է: Արցախի պատերազմին անդրադառնալով Թ. Յակոբեան դրուատեց հայ զինուորի մարտունակութիւնն ու խիզախութիւնը, սակայն միւս կողմէ պատրաստ չէր դիմակալելու շատ աւելի լաւ պատրաստուած ատրպէյճանական հզօր բանակին…: «Մենք պարտուեցինք, որովհետեւ տասնեակ տարիներէ ի վեր երազանքների մէջ էինք, զանազան մասերով: Արեւմտեան Հայաստանի պարագային եւս երազանքների մէջ էինք… եւ աղէտի առաջ գտնուեցինք»:

Թաթուլ Յակոբեանի կարծիքով մենք շատ մը պատեհութիւններ կորսնցուցինք միջ-պետական յարաբերութիւններուն մէջ: «Արցախի պատերազմին՝ մենք «դաւաճաններ» չունեցանք, այլ սխալ նախատեսութիւններ եւ հաշուարկումներ եղան, թշնամիի ուժեղ պատրաստութեան, յատկապէս նիւթա-թեքնիքական, զինուժի գերակայութեան եւ արտաքին օժանդակութեան տեսակէտէն, … Չեմ գիտեր թէ համազգային այս ծանր վիճակից ինչպէս դուրս գանք…» ըսաւ Թաթուլ Յակոբեան:

Սոյն հանդիպման երկրորդ մասին մէջ տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի առիթ: Տրուած պատասխաններէն յայտնի եղաւ որ ինք լրիւ դէմ է Արցախի Ինքնավարութեան «Ատրպէյճանի հովանաւորութեան ներքեւ»: Իր կարծիքով Հայաստան պէտք է ունենայ նորմալ զօրեղ իշխանութիւն, ոյժ տայ տնտեսութեան վերելքին եւ վերակազմակերպէ բանակը:

Երեկոյթի աւարտին խօսք առաւ Կլենտէյլ Քաղաքապետ Վրէժ Աղաճանեան: Ան դրուատանքով խօսեցաւ Արցախի եւ տեղւոյն հայութեան մասին: Իսկ պատերազմի ժխտական արդիւնքին անդրադառնալով ցաւով արտայայտուեցաւ արդիւնքին մասին եւ յարեց. «…Մենք քնացած մնացինք եւ մեր ոյժերը չի կրցանք գնահատել»:

Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ընկերային ժամ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ Թաթուլ Յակոբեանի «Մահուան Հովիտ»ի եւ միւս գիրքերու վաճառքը՝ հեղինակի մակագրութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment