Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Պէտք Է Փոխէ Հայաստանի Նկատմամբ Յարձակողական Քաղաքականութիւնը, Ըսած Է Փաշինեան

Թուրքիան Պէտք Է Փոխէ Հայաստանի Նկատմամբ Յարձակողական Քաղաքականութիւնը, Ըսած Է Փաշինեան

by MassisPost

Մոսկուա կատարելիք եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ունենալիք հանդիպումի նախօրեակին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց տուած է ռուսաստանեան շարք մը լրատուամիջոցներու: «Ինթըրֆաքսի» հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեան ըսած է որ, տարածաշրջանէն ներս ամուր խաղաղութեան հաստատման եւ տնտեսական պատկերի վերականգնման համար Թուրքիան պէտք է փոխէ Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական քաղաքականութիւնը:

Փաշինեան նախ յիշեցուցած է, որ հայ-թրքական սահմանը միակողմանիօրէն փակուած է Թուրքիոյ կողմէն 1993 թուականէն ի վեր: Հայաստանը միշտ կողմ եղած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն ան մերժուած է Թուրքիոյ կողմէ:

«Անգարայի նման թշնամական քաղաքականութիւնը նոր թափ է ստացել Ատրպէյճանի կողմից Արցախի դէմ 44-օրեայ յարձակման ընթացքում: Մասնաւորապէս, Թուրքիան Ատրպէյճանին ուղղակի ռազմաքաղաքական եւ ռազմատեխնիկական աջակցութիւն է ցուցաբերել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի տեղափոխելով նաեւ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներին: Այս համաթեքսթում, ամուր խաղաղութեան հաստատման եւ տարածաշրջանում տնտեսական պատկերի վերականգնման համար Թուրքիան պէտք է փոխի Հայաստանի նկատմամբ այդ յարձակողական քաղաքականութիւնը»,- ըսած է Փաշինեան:

Փաշինեան առաջնային համարած է ՀՀ զինուած ուժերու համալրումը ժամանակակից զէնքով:

«Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերը ժամանակակից ռազմատեխնիկական միջոցներով համալրելու գործընթացը եղել եւ լինելու է մեր առաջնահերթութիւններից մէկը, եւ այդ հարցը մշտապէս լինելու է մեր ուշադրութեան կեդրոնում»,- նշած է Փաշինեան:

Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանի Զինուած ուժերէն ներս արդէն մեկնարկած են լայնածաւալ բարեփոխութիւններ, որոնք նոյնպէս կ՛իրագործուին ռուս գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեամբ:

Հայաստանը մտադիր է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ զարգացնել ընդլայնուած եւ երկարաժամկէտ ռազմաճարտարապետական համագործակցութիւն, ինչ որ կը բխի երկու պետութիւններու երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերէն, ըսած է վարչապետը:

Լրագրողի հարցին, թէ արդեօք Հայաստանը կը նախատեսէ շարունակել ռուսական զէնքի, մասնաւորապէս, ՍՈՒ-30ՍՄ կործանիչներու եւ անոնց համար նախատեսուած սպառազինութեան գնումները, ՀՀ վարչապետը դրական պատասխան տուած է՝ նշելով, որ Հայաստանը խիստ շահագրգիռ է Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ ՀԱՊԿ-ի միւս դաշնակիցներու հետ ունենալ ժամանակակից եւ համատեղելի սպառազինութիւն եւ զինամթերք:

«Հաշուի առնելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում միջպետական երկկողմ համաձայնագրերին համապատասխան ստեղծուել եւ գործում են հայ-ռուսական երկու խմբեր՝ Միացեալ զօրախումբը եւ Կովկասեան տարածաշրջանում հաւաքական անվտանգութեան հակաօդային պաշտպանութեան միացեալ տարածաշրջանային համակարգը, եւ, բացի այդ, երկու երկրներն էլ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ պետութիւններ են, որի ձեւաչափով ստեղծուել են նաեւ զօրքեր եւ միաւորուած զօրամիաւորումներ, հասկանալի է, որ Հայաստանը խիստ շահագրգիռ է Ռուսաստանից մատակարարումների հարցում, որպէսզի ունենայ ժամանակակից եւ համատեղելի, առաջին հերթին, Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ ՀԱՊԿ-ի միւս դաշնակիցների հետ, սպառազինութիւն եւ զինամթերք:

Ձեր նշած մոտելի ինքնաթիռների վերաբերեալ նոյնպէս դրական պատասխան կու տամ, քանի որ դրանք ժամանակակից բազմապաշտօն կործանիչներ են, եւ դրանց գնումը նախատեսուած է ինչպէս մեր երկկողմ պայմանագրային փաստաթղթերով, այնպէս էլ զինուած ուժերի զարգացման ազգային ծրագրով»,- ըսած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment