Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ընդդիմութեան Հանրահաւաքին Հնչեցին Արտահերթ Ընտրութիւնները Պոյքոթելու Կոչեր

Ընդդիմութեան Հանրահաւաքին Հնչեցին Արտահերթ Ընտրութիւնները Պոյքոթելու Կոչեր

by MassisPost

Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այսօր՝ Ապրիլ 6-ին, Սեւան քաղաքի մէջ կազմակերպուած հանրահաւաքին, մեկնարկեց մարզային այցելութիւնները։

Շաբաթներ շարունակ Երեւանի Բաղրամեան պողոտան ու Դեմիրճեան փողոցը փակող շարժումը, նախորդ շաբաթավերջին յայտարարած էր, որ կը սկսի մարզային այցելութիւնները։

Սեւան եկած էին Հայրենիքի փրկութեան շարժումը համակարգող՝ Իշխան Սաղաթէլեան, շարժման վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան, նախկին վարչապետ՝ Հրանտ Բագրատեան եւ Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Սէյրան Օհանեան։

Հանրահաւաքի քանի մը հարիւր մասնակիցները, որոնցմէ շատերուն ձեռքը «Նիկոլ դաւաճան» գրութեամբ պաստառներ կային, պարբերաբար կը վանկարկէին «Առանց Նիկոլ Հայաստան»։

Հանրահաւաքի հարթակէն հնչեցին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պոյքոթելու կոչեր։ Մասնաւորապէս, Հրանտ Բագրատեան կոչ ըրաւ չմասնակցելու առաջիկայ ընտրութիւններուն, ընել ամէն ինչ, որ Նիկոլ Փաշինեան հեռանայ ասպարէզէն։

Հանրահաւաքի աւարտին շարժումը համակարգող, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի ներկայացուցիչ՝ Իշխան Սաղաթէլեան չբացառեց այն սենարը, որ ինչ որ փուլի մը Նիկոլ Փաշինեան ետ կանգնի խորհրդարանական ընդդիմութեան հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէն, որպէս պատճառաբանութիւն ներկայացնելով, օրինակ, քովիտի համաճարակը, եւ չեղեալ համարէ արտահերթ ընտրութիւնները։

«Լաւ կը լինի այս չարիքի կառավարութեանը քշել մինչեւ ընտրութիւնները։ Ասել ենք ինչպէս։ Նախ, մէկ անգամ եւս ուզում եմ ասել՝ ընտրութիւն նշանակուած չկայ, կայ ընդամէնը ընտրութեան մասին յայտարարութիւն։ Հաշուի առնելով այս մարդու հետագիծը, անցած ճանապարհը, վարքագիծը՝ ես շարունակում եմ պնդել, որ հնարաւոր է ընտրութիւններ չլինեն։ Երբ որ ինքը կու տայ հրաժարական, 14 օրուայ ընթացքում նոր վարչապետ չ’ընտրուի, կը լուծարուի խորհրդարանը, կը նշանակուեն ընտրութիւններ, էն ժամանակ էլ կը մտածենք ընտրութեան միջոցով իրեն հեռացնելու մասին», – ըսաւ Սաղաթէլեան։

Իսկ հանրահաւաքէն առաջ, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին, Իշխան Սաղաթէլեան այն  դիտարկման, որ երէկ Ռուսաստանեան 1-ին հեռատեսիլային կայանի եթերով Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարած է, թէ արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի 2-3 կուսակցութիւններու դաշինքով, եւ այն հարցին, թէ արդեօք Դաշնակցութիւնը մաս պիտի կազմէ այդ դաշինքին՝ պատասխանեց, որ առայժմ որոշուած չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment