Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որեւէ Պատրուակ Պիտի Չտանք Իշխանութեան, Որ Նահանջ Ըլլայ Ընտրութիւններու Օրակարգէն. ԼՀԿ-ական Պատգամաւոր

Որեւէ Պատրուակ Պիտի Չտանք Իշխանութեան, Որ Նահանջ Ըլլայ Ընտրութիւններու Օրակարգէն. ԼՀԿ-ական Պատգամաւոր

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնը, խոստացածին համաձայն, վարչապետի հրաժարականէն ետք, պիտի չառաջադրէ վարչապետի թեկնածու, որ առաջիկային կայանան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, առիթ պիտի չտայ իշխանութեան, որ ետքայլ ընէ այդ օրակարգէն:

«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Անի Սամսոնեան՝ անդրադառնալով հարցին, թէ այն պարագային, երբ առանց ԼՀԿ-ի համաձայնութեան՝ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եղան, հնարաւո՞ր է ԼՀԿ-ն ընտրութիւններու կայացման առնչութեամբ իշխանութեան հետ պայմանաւորուածութիւններէն ետ կանգնի եւ առաջադրէ վարչապետի թեկնածու:

«Մեր միակ պայմանաւորուածութիւնը եղել է այն, որ վարչապետը հրաժարական կու տայ, եւ մենք կը գնանք արտահերթ ընտրութիւնների: Եւ, եթէ գնում ենք արտահերթ ընտրութիւնների, ես կարծում եմ՝ տրամաբանական չէ այլ գործողութիւններ իրականացնել, երբ կայ յստակ պայմանաւորուածութիւն»,- ըսած է Սամսոնեան:

Ան վստահեցուցած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքի շուրջ վարչապետի հետ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած, վարչապետի կողմէն ըսուած է միայն, որ եթէ համաձայնութիւն չըլլայ խորհրդարանէն ներս, չեն ընդունիր, բայց յստակ պայմանաւորուածութիւն չէ եղած, որ կրնար խախտուիլ: «Մենք որեւէ պատրուակ չենք տալու իշխանութեանը, որ որեւէ պահից ետքայլ կամ նահանջ լինի այս օրակարգից»,- ըսած է Սամսոնեան:

ԼՀԿ-ը այս ընտրութիւններուն պիտի ձգտի առաւելագոյնին, իշխանութեան հասնելու համար: «Իւրաքանչիւր առողջ քաղաքական ուժ, որը գնահատում է իր հնարաւորութիւնները, միշտ ձգտում է առաւելագոյնին: Մենք չենք գնում այս ընտրութիւններին մի քանի պատգամաւորական տեղեր վերցնելու համար: Հետեւաբար, բոլոր մեր հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք»,- ըսած է ան ու կարծիք յայտնած, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ չկողմնորոշուած մարդոց համոզել, որ զիրենք ընտրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment