Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Մակունցի՝ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութեան Վերանայման Հիմք Կրնայ Ըլլալ Թուրքիոյ Հայաստանի Հանդէպ Թշնամական Մօտեցման Վերանայումը

Ըստ Մակունցի՝ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութեան Վերանայման Հիմք Կրնայ Ըլլալ Թուրքիոյ Հայաստանի Հանդէպ Թշնամական Մօտեցման Վերանայումը

by MassisPost

ՀՀ ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցի կարծիքով՝ թէկուզ փոքր քայլերով Թուրքիոյ՝ Հայաստանի նկատմամբ թշնամական մօտեցման վերանայումը կրնայ հիմք հանդիսանալ նաեւ Հայաստանի համար՝ մտածելու յարաբերութիւններու հաստատման առնչութեամբ: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մակունց այսպիսի տեսակէտ յայտնեց ԱԺ-էն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն միտքին, որ տարածաշրջանին մէջ շատեր թշնամի կը համարեն Հայաստանը, եւ Հայաստանն ալ շատերը թշնամի կը համարէ, եւ երկարատեւ կայուն խաղաղութիւն ապահովելու համար ՀՀ այս տարածաշրջանէն ներս իր դիրքը, կեցուածքը, վերաբերմունքն ու ընկալումները պէտք է փոխէ, տարածաշրջանի երկիրները եւս պէտք է փոխեն իրենց վերաբերմունքը:

«Ես կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր պետական պաշտօնեայի կարեւորագոյն յանձնառութիւններից է անել առաւելագոյնը՝ հզօրացնելու, ուժեղացնելու մեր պետութիւնը, պետականութիւնը՝ միեւնոյն ժամանակ ազգային ինքնութեան, պատմական յիշողութեան պահպանմամբ: Եւ ես կարծում եմ, որ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի առաքելութիւնն է այս երկու մօտեցումները ներդաշնակ կերպով զուգակցելը»,-ըսաւ Մակունց:

Մակունց շեշտեց, որ որեւէ մէկու կողմէ չէ նշուած Թուրքիոյ հետ բարեկամանալու մեկնաբանութիւն:

Անդրադառնալով իր տեսակէտին՝ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց. «Գոնէ մինչեւ վերջերս Թուրքիան ակնյայտ ցոյց է տուել, որ ունի ոչ բարեկամական կամ թշնամական վերաբերմունք ՀՀ-ի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ: Ես կարծում եմ, որ թէկուզ փոքր քայլերով Թուրքիայի մօտեցման վերանայումը կարող է հիմք հանդիսանալ նաեւ Հայաստանի համար մտածելու յարաբերութիւնների հաստատման առնչութեամբ»:

Մակունց նաեւ շեշտեց, որ պէտք է շատ խորունկ դիտարկել իւրաքանչիւր յայտարարութիւն: «Այն յայտարարութիւնները, որոնք հնչում են, տարածաշրջանային վերաձեւաւորումների եւ տարածաշրջանային փոփոխութիւնների համաթեքսթում են: Որպէս պետական պաշտօնեաներ, պետական այրեր՝ մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնել դրանք եւ ըստ այդմ կայացնել որոշումներ, դիրքաւորուել կամ վերադիրքաւորուել»,-ըսաւ Մակունց ու շեշտադրեց, որ ազգային ինքնութեան եւ պատմական յիշողութեան պահպանումը իւրաքանչիւրի առաքելութիւնն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment