Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Քոնկրէսականներու Կոչը՝ 100 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Հայաստանին եւ Արցախին

Քոնկրէսականներու Կոչը՝ 100 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Հայաստանին եւ Արցախին

by MassisPost

Ամերիկեան Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբը կոչ կ’ընէ Միացեալ Նահանգներուն աւելի քան 100 միլիոն տոլարի օգնութիւն յատկացնելու Հայաստանին եւ Արցախին՝ հաշուի առնելով այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է անցեալ տարի թուրք-ատրպէյճանական աւերիչ յարձակումներէն ետք:

Քոնկրէսականներու նամակով ըսուած է, որ օգնութիւնը անհրաժեշտ է Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան՝ տուները վերականգնելու, աշխատանքներ վերակառուցելու, սննդային անվտանգութիւն ապահովելու, դեղերու, ջուր մատակարարելու եւ այլ առաջնահերթ խնդիրներ լուծելու համար:

Հայամէտ Քոնկրէսականները կ’առաջարկեն, ի մասնաւորի, 2 միլիոն տոլար ուղղել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պայմանական զէնքի ոչնչացման ծրագիրին, 100 միլիոն տոլար՝ Պետական Գրասենեակի եւ USAID-ի միջոցով Հայաստանին տնտեսական, կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան ոլորտներու աջակցութեան:

Քոնկրէսականները կոչ կ’ընեն նաեւ դադրեցնելու ամէն տեսակի ֆինանսական օգնութիւն Ատրպէյճանին, քանի որ դեռ երաշխաւորուած չէ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումներու դադրեցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment