Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը վարոյթ ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հայցը ընդդէմ նախկին պատգամաւոր, «Երկիր ծիրանի» կուսակցութեան ղեկավար՝ Զարուհի Փոստանճեանի։
Հայցը մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր՝ Նաիրա Աւետիսեանին:
Ըստ «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգի՝ Փաշինեանի ներկայացուցիչ՝ Դաւիթ Հունանեան հայցը ներկայացուցած է Մարտ 12-ին՝ խնդրելով պարտաւորեցնել Փոստանճեանին` հրապարակայնօրէն հերքել տեսանիւթով զրպարտութիւն համարուող փաստացի տուեալները, ինչպէս նաեւ յօգուտ Փաշինեանի բռնագանձել երկու միլիոն դրամ՝ որպէս զրպարտութեան համար նախատեսուած փոխհատուցում։