Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յակոբ Արշակեան Հրաժարած Է Նախարարի Պաշտօնէն

Յակոբ Արշակեան Հրաժարած Է Նախարարի Պաշտօնէն

by MassisPost

Յակոբ Արշակեան իր հրաժարականը տուած է Հայաստանի բարձր թեխնոլոկիական (արհեստագիտական) արդիւնաբերութեան նախարարի պաշտօնէն: Այս մասին ան գրած է իր Դիմատետրի էջին վրայ:

«Որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի անընդունելի եմ համարում պաշտօնեայի կողմից որեւէ քաղաքացու նկատմամբ բռնութեան կիրառումը, մենք պարտաւոր ենք շարժուել առանց բռնութեան հասարակութիւն ունենալու ճանապարհով։

Որպէս բարձաստիճան պաշտօնեայ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ասպարէզում ներկայացնող անձ, առաւել եւս, պարտաւոր եմ սեփական փորձով ծառայել հանրութեանը որպէս օրինակ։ Այսպիսով իմ անհանդուրժողականութիւնն եմ յայտնում բռնութեանը, թէ հոգեբանական, թէ ֆիզիքական։ Յուսամ, որ կատարուածը որպէս դաս կը ծառայի մեր հասարակութեան համար եւ մենք մի փոքր աւելի կը սիրենք իրար ու կը յարգենք իւրաքանչիւրի անձնական, ընտանեկան կեանքի անձեռնմխելիութեան իրաւունքը», – նշած է նախարարը։

Յիշեցնենք, որ մօտ երկու շաբաթ առաջ, նախարարը հարուածած էր Irakanum.am կայքի խմբագիրին։ Այս պատմութենէն ետք, լրագրողական կազմակերպութիւնները հրաժարականի կոչեր ըրած էին, բայց պաշտօնանկութիւն տեղի չունեցաւ եւ նախարարը ներողութիւն խնդրեց։

Ուրիշ աղմկայարոյց պատմութիւն մը եւս կապուած էր Ապու Տապի կայացած ռազմաարդիւնաբերական միջազգային ցուցահանդէսին հետ։ Պետական պիւտճէէն 23 միլիոն դրամ արժող Հայաստանի տաղավարը մնացած էր առանց ցուցանմուշներու։

Ի դէպ, նախարարութիւնը հրապարակած է աւելի քան մէկ ամիս տեւած ծառայողական քննութեան արդիւնքները. 2 աշխատակիցի նկատողութիւն տրուած է, իսկ մէկուն՝ խիստ նկատողութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment