Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Ղեկավարներու Միջեւ Հաղորդակցութիւնները Պարբերական Բնոյթ Ունին. Փեսքով

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի Ղեկավարներու Միջեւ Հաղորդակցութիւնները Պարբերական Բնոյթ Ունին. Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հաղորդակցութիւնները պարբերական բնոյթ ունին: Ինչպէս հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, այս մասին Մարտ 29-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՌԴ նախագահի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով:

Փեսքով յայտնած է, որ երկու երկրի ղեկավարները «վերջերս խօսած են եւ հաղորդակցութիւններ պարբերաբար տեղի կ’ունենան»:

Փեսքով նաեւ ընդգծած է, որ Փաշինեանի Ապրիլ ամսուն հրաժարական տալու որոշումը որեւէ ձեւով ՌԴ նախագահի հետ հրատապ խօսելու անհրաժեշտութիւն չէ առաջացուցած: «Ան [Փաշինեան] կը մնայ [Հայաստանի վարչապետի] պաշտօնակատար, ուստի հրապարակուած որոշումը անյապաղ խօսելու անհրաժեշտութիւն չ’առաջացներ»,- ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը:

Յիշեցնենք, որ Մարտ 28-ին, Արմաւիր մարզի Արագած համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ Ապրիլին հրաժարական պիտի տայ՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment