Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Հասած Է Astrazeneca Պատուաստանիւթի Առաջին Խմբաքանակը

Հայաստան Հասած Է Astrazeneca Պատուաստանիւթի Առաջին Խմբաքանակը

by MassisPost

Կիրակի օր, Հայաստան հասած է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի առաջին խմբաքանակը: COVAX FASILITY միջազգային նախաձեռնութեան  ծրագիրէն ներս  AstraZeneca ընկերութեան պատուաստանիւթի 24 հազար դեղ տրամադրուած է Հայաստանին:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախատեսուած է առաջին հերթին պատուաստել ռիսկային խումբերու մէջ գտնուողները, մասնաւորապէս բուժաշխատողները, 65 տարեկան եւ բարձր տարիքի անձիք, 16-էն 64 տարեկան քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողները, տարեցներու խնամքի կեդրոններու բնակիչները եւ աշխատակիցները, սոցիալական խնամքի կեդրոններու աշխատակիցների եւ այլք:

AstraZeneca-ն ունի Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան (ԱՀԿ) կողմէ արտակարգ կիրառման արտօնութիւն: Այն կիրառելի է 18 տարեկան եւ բարձր տարիք ունեցողներուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment