Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սեդա Սաֆարեանի Կարծիքով Դատախազութիւնը Պէտք Է Վերաորակէ Քոչարեանի Մեղադրանքը

Սեդա Սաֆարեանի Կարծիքով Դատախազութիւնը Պէտք Է Վերաորակէ Քոչարեանի Մեղադրանքը

by MassisPost

Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանի (ՍԴ) որոշմամբ Ռոպերթ Քոչարեանին մեղսագրուող 300.1 յօդուածը  ճանաչուած է հակասահմանադրական:

Մարտի 1-ի գործով տուժողներու փաստաբան Սեդա Սաֆարեանի կարծիքով կայացուածը Սահմանադրութեան հետ կապ չունեցող որոշում է,  պնդելով որ այն ՍԴ դատաւոր Հրայր Թովմասեանի եւ անոր խումբի դիրքորոշումն է:

Սեդա Սաֆարեան ըսաւ որ, դատախազութիւնը վաղուց պէտք է մեղադրանքը վերաորակէր, միեւնոյն ժամանակ կը կարծէ որ, գործը այսպիսով աւարտուած չէ:

«Թէեւ ես կարծում եմ, որ դատախազութիւնը ցանկացած ժամանակ կարող է իր մեղադրանքը հետ տանել, վերաձեւակերպում անել, բերել դատարան, օրէնքը թոյլ է տալիս այդպիսի գործողութիւններ կատարի դատարանը» – ըսաւ իրաւապաշտպանը:

Մեղադրանքը դատարանէն ներս պաշտպանող Գլխաւոր Դատախազութիւնը տակաւին չէ արձագանքած ՍԴ որոշման, ըսելով որ, դիրքորոշում կը յայտնեն որոշման ծանօթանալէ յետոյ:

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպան Արամ Վարդեւանեան համոզուած է որ, այսպիսով իր պաշտպանեալի նկատմամբ քրէական հետապնդումը պէտք է դադարի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment