Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսոյ մէջ Տինքի Սպաննութեան Համար Երկու Նախկին Բարձրաստիճան Ոստիկան Դատապարտուած է Ցմահ Ազատազրկման

Պոլսոյ մէջ Տինքի Սպաննութեան Համար Երկու Նախկին Բարձրաստիճան Ոստիկան Դատապարտուած է Ցմահ Ազատազրկման

by MassisPost

Պոլսոյ դատարանը Մարտ 26-ին, ոստիկանութեան երկու նախկին բարձրաստիճան սպաներ դատապարտած է ցմահ ազատազրկման,  աւելի քան 14 տարի առաջ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Հրանդ Տինքի սպաննութեան մէջ իրենց դերակատարման համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

2011-ին թրքական դատարանը 23 տարուայ ազատազրկման դատապարած էր հայ խմբագիրը սպաննող Օկիւն Սամասթը, որ յանցագործութեան ատեն 17 տարեկան էր: Յաջորդ տարի սպաննութիւնը կազմակերպելու եւ հրահրելու համար դատապարտուած էր ցմահ ազատազրկման  Եասին Հայալ: Հետագայ տարիներուն գործը կրկին բացուած էր՝ ներգրաւելով նոր կասկածեալներ: 2021-ի Մարտի 26-ին դատապարտուածներ՝ Ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին ղեկավարներէն Ալի Ֆուաթ Յըլմազեր եւ ոստիկանութեան մէկ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեայ՝ Ռամազան Աքիւրեքը, ազատազրկման դատապարտուած են առանց պայմանական վաղաժամկէտ ազատման հնարաւորութեան,:

Թուրքիոյ մէջ կը համարեն, որ Տինքի սպաննութեան նախապատրաստման եւ իրագործման մէջ ներգրաւուած են Միացեալ Նահանգներ բնակող թուրք քարոզիչ՝ Ֆեթուլլահ Կիւլենի կիւլենական շարժման ներկայացուցիչները: Կիւլենը Անգարայի կողմէ կը մեղադրուի 2016-ի Իւլիսին յեղաշրջման փորձ կազմակերպելու մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինքը սպաննուած է 2007 թուականի Իւնուար 19-ին` «Ակօս»-ի խմբագրութեան առջեւ: Անոր մահը փողոց իջեցուցած էր հազարաւոր թուրքեր՝ «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment