Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Բարբարոսական Արարքները Դատապարտելի են. Աննա Նաղտալեան

Ատրպէյճանի Բարբարոսական Արարքները Դատապարտելի են. Աննա Նաղտալեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահականի եւ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան «արդարացումներուն» Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերման մասին: «Արմէնփրէս»-ը ներկայացուցած է ՀՀ ԱԳՆ խօսնակի արձագանգը.

Ատրպէյճանական կողմը հաստատեց Մեխակաւան (Ճեպրայիլ) բնակավայրի Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնայատակ աւերման միտումնաւոր եւ ծրագրուած բնոյթը, եւ որ այդ իրագործուած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որոշումով:

Ատրպէյճանական կողմի բոլոր փորձերը՝ արդարացնելու պաշտամունքի վայրի բարբարոսական ոչնչացումը մտահոգիչ եւ դատապարտելի են:

Յատկանշական է, որ միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմը քար լռութիւն կը պահպանէ Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի աւելի քան 200 տարուայ պատմութիւն ունեցող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ (Կանաչ ժամ) աւերման մեղադրանքներու եւ փաստերու վերաբերեալ՝ հաւանաբար չգտնելով այս հերթական բարբարոսութեան «արդարացման» որեւէ, նոյնիսկ՝ մտացածին հիմնաւորում:

Անգամ մը եւս կ’ընդգծենք, որ միջազգային հանրութիւնը, նախ եւ առաջ` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները եւ համանախագահ երկիրները եւ ՅՈՒՆԵՍՔՕ-ն պէտք է անյապաղ միջամտեն հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment