Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Հիմնադրամը Թիրախ Չդարձնել

«Հայաստան» Հիմնադրամը Թիրախ Չդարձնել

by MassisPost

Արցախեան պատերազմի առաջին օրերուն Հայաստանի ու Արցախի կառավարութիւնները միացեալ կոչ յղեցին համայն հայութեան՝ օգնութեան ձեռք մեկնելու Հայրենիքի պաշտպանութեան գործին՝ նուիրաբերելով «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակային յատուկ արշաւին, որ կը կրէր՝ «Մենք ենք մեր սահմանները, բոլորս Արցախի համար» կարգախօսը:

Կոչին ընդառաջելով Հայութիւնը՝ աշխարհի բոլոր ծագերուն առատաձեռն մասնակցեցաւ այդ արշաւին, որու ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 175 միլիոն տոլար, որ աննախընթաց էր Հիմնադրամի պատմութեան մէջ:

Պատերազմի աւարտէն ասդին Հիմնադրամի ղեկավարութիւնը յաճախակի հաղորդագրութիւններով ու մամլոյ ասուլիսներով կը ներկայացնէ իրագործուած աշխատանքները ու նախատեսուած ծրագիրները: Պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ նաեւ որ, մօտ 100 միլիոն տոլար մուտք կատարուած է Հայաստանի պետական պիւտճէ՝ վերաշինութեան ծրագիրները իրագործելու նպատակով:

Անցեալ շաբաթ գումարուեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նիստ, որ կայացաւ առցանց՝ համաճարակի պատճառաւ: Նիստի սկզբնաւորութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ որպէս «Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհրդի նախագահ մտահոգութիւն յայտնեց գումարի մէկ մասի կառավարութեան փոխանցուելուն կապակցութեամբ:

Քննարկումներու աւարտին տարածուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւնը, ուր ըսուած էր թէ, Հոգաբարձուներու Խորհուրդը վստահութիւն յայտնած է, որ պատերազմի ընթացքին հաւաքագրուած գումարները օգտագործուած են նպատակային ու այս առթիւ որոշուած է ստեղծել՝ Հոգաբարձուներու Խորհրդի անդամներէն բաղկացած աշխատանքային խումբ, որ գործակցելով միջազգային հաշուեքննական ընկերութեան հետ, պիտի ուսումնասիրէ պատերազմի ընթացքին հանգանակուած գումարներու օգտագործման եղանակները:

Հիմնադրամի այս նիստին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի նախագահի պաշտօնը վարած Ռոպերթ Քոչարեանը որ, որքան ծանօթ է մեզի, աթոռէն հեռանալէն ասդին երբեք չէ մասնակցած նման հանդիպումներու: Ան շտապեց հանդէս գալ առանձին յայտարարութեամբ՝ քաղաքական երկարապատում մեղադրանքներ հնչեցնելով կառավարութեան ու վարչապետի հասցէին, ըսելու համար որ ինք չի վստահիր ծախսուած միջոցներու վերաբերեալ հաւաստիացումներուն:

Քոչարեանի յայտարարութիւնը այժմ կ՛օգտագործուի ծանօթ շրջանակներու կողմէ՝ վարկաբեկելու համար Հիմնադրամը ու կասկածի տակ առնելու անոր ազգանուէր առաքելութիւնը: Այդ արշաւին միացողներու շարքին է նաեւ Հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն՝ Արա Վարդանեանը, անց մը, որ իր իսկ խոստովանութեամբ Հիմնադրամի վարկային քարտը օգտագործած է ինթըրնեթային խաղատուներու մէջ:

Մեզի համար անհասկանալի է Կառավարութեան փոխանցուած գումարի շուրջ բարձրացած աղմուկը, երբ այդ փոխանցումը կատարուած է Հոգաբարձուներու խորհուրդի համաձայնութեամբ ու կողմերու միջեւ ստորագրուած պայմանագիրներու հիման վրայ, որոնց շնորհիւ Հայաստանի ու Արցախի տարածքին կ՛իրագործուին ենթակառուցուածքային, ընկերային եւ առողջապահական ծրագիրներ ու Արցախահայերը կը վերադառնան իրենց տուները՝ վերակառուցելու համար իրենց բնիկ օճախը:

Դժբախտաբար, այս օրերուն ամէն ինչ քաղաքականացուած է ու կ՛օգտագործուի կառավարութիւն փոխելու եմ կամ իշխանութեան հասնելու նպատակով: Հիմնադրամը իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին արժանացած է ու կը շարունակէ վայելել համայն Հայութեան վստահութիւնը: Ան միակ կառոյցն է որ իր շուրջ կը համախմբէ մեր ազգային, կրօնական ու բարեգործական բոլոր կազմակերպութիւնները ու իր առաքելութիւնը կը կատարէ խղճմտօրէն եւ ամենայն թափանցիկութեամբ: Այս դժուարին հանգրուանին, որմէ կ°անցնի Հայրենիքը, բարոյական պարտաւորութեան տակ ենք ՚Հայաստանՙ Համահայկական Հիմնադրամը թիրախ չդարձնելու ու հեռու պահելու զայն քաղաքական ամէն տեսակի շահարկումներէ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment