Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ «Դաշնակիցներուն Հանդէպ Չեն Ըներ Այն, Ինչ Ըրած Է Անգարան Վերջին Ամիսներուն». Մաքրոն

«Դաշնակիցներուն Հանդէպ Չեն Ըներ Այն, Ինչ Ըրած Է Անգարան Վերջին Ամիսներուն». Մաքրոն

by MassisPost

«Դաշնակիցներուն հանդէպ չեն ըներ այն, ինչ ըրած է Անգարան վերջին ամիսներուն», – նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն France 5 հեռուստաընկերութեան եթերով։ Էլիզէ պալատի ղեկավարը պնդած է, որ անհրաժեշտ է «յստակացնել ՆԱԹՕ-ի մէջ Թուրքիոյ տեղը»։

Ֆրանսական ռատիոյի հաղորդմամբ` Մաքրոնի հարցազրոյցը մաս կը կազմէ France 5-ի հեղինակած «Եւրոպային մարտահրաւէր նետող Էրտողան սուլթանը» վերտառութեամբ փաստագրական շարժանկարին։ Հարցազրոյցի ընթացքին, ֆրանսացի առաջնորդը յիշեցուցած է Միջերկրական ծովի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու մասին, զորս Փարիզը միայն «խօսքերով չէ դատապարտած», այլ նաեւ ռազմանաւեր ուղարկած։

«Ֆրանսան միակ երկիրն էր, որ կանգնեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի կողքին»,- ընդգծած է նախագահ՝ Մաքրոն։ Եւրոպական Միութեան առաջատար երկրի ղեկավարը միեւնոյն ժամանակ ափսոսանք յայտնած է Էրտողանի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան «համերաշխութեան» կապակցութեամբ․ «Մենք մեծ աշխատանք կատարած ենք համոզելու եւրոպացիներուն աւելի կոշտ դիրքորոշում ընդունելու հարցով»,- պատմած է Էմանուէլ Մաքրոն։
https://armenpress.am/arm/news/1047013.html

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment