Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ռազմական Դրութիւնը Վերցնելու Նախագիծը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ռազմական Դրութիւնը Վերցնելու Նախագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը Մարտ 24-ին, ձայներու 118 կողմ, 1 դէմ, 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունեց շուրջ կէս տարի գործող ռազմական դրութիւնը վերացնելու վերաբերեալ ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւններու՝ «Լուսաւոր Հայաստան»-ի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի հեղինակած որոշման նախագիծը։

Ազգային ժողովի նախագահը ռազմական դրութիւնը վերացնելու որոշման նախագիծը պէտք է ստորագրէ եւ հրապարակէ անյապաղ։

Երէկ խորհրդարանէն ներս, քննարկումներու ժամանակ, ընդդիմադիր խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ իշխանութիւնը քաղաքական պատճառներով կը պահպանէ ռազմական դրութիւնը, ու զայն այժմ շարունակելու որեւէ հիմք չկայ։

Ըստ ԼՀԿ խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեանին՝ ռազմական դրութիւնը շարունակուած է միայն մէկ նպատակով, որպէսզի ընդդիմադիրները վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց չսկսին։ Ճիշդ նոյն տեսակէտը ունի նաեւ միւս ընդդիմադիր խմբակցութեան՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի պատգամաւոր՝ Նաիրա Զոհրապեան։

Ազգային ժողովի նախագահ՝ Արարատ Միրզոյեան երէկ բացարձակապէս անհիմն համարեց ընդդիմադիրներու մեղադրանքները, պնդելով, որ ռազմական դրութեան երկարաձգումը չունի քաղաքական որեւէ դրդապատճառ։ Այդուհանդերձ, ԱԺ-ի նախագահը իշխող ուժի պատգամաւորներուն առաջարկեց կողմ քուէարկել ընդդիմադիրներու առաջարկին, թէեւ շեշտեց, որ համակարծիք է գործընկերներուն հետ, որ լաւագոյն լուծումը այն է, եթէ կառավարութիւնը նախաձեռներ ռազմական դրութեան չեղարկումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment