Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ Տան Աղբիւրները Յայտնած Են Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանաչելու Մտադրութեան Մասին

Սպիտակ Տան Աղբիւրները Յայտնած Են Պայտընի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանաչելու Մտադրութեան Մասին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի ղեկավարութեամբ ԱՄՆ-ի վարչակազմը կը հաւատայ, որ կարեւոր է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով ճանաչել պատմութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին յունական Kathimerini-ին ըսած է Սպիտակ տան խօսնակը:

«Որպէս նախագահի թեկնածու՝ Պայտըն ոգեկոչած է 1.5 միլիոն հայ տղամարդոց, կանանց եւ երեխաներուն յիշատակը, որոնք մահացած էին Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն: Ան այն ժամանակ ըսած էր, որ մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք կամ լուռ մնանք այս սարսափելի փաստի առթիւ: Եւ մենք տեւական պիտի յարգենք այս մեծ ողբերգութենէն յետոյ հայ ժողովուրդի ցուցաբերած տոկունութիւնը: Այս վարչակազմը յանձնառու է առաջ մղել յարգանքը մարդու իրաւունքներու նկատմամբ, վստահեցնելու, որ նման կոտորածներ այլեւս չեն կրկնուիր: Այս ամէնուն կարեւոր բաղադրիչը պատմութեան ճանաչումն է»,- նշած է խօսնակը՝ Kathimerini-ի խնդրանքով արձագանգելով ԱՄՆ-ի ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտեսի կողմէն նախաձեռնուած նամակին, զոր ստորագրած էին 36 այլ դեմոկրատ եւ հանրապետական ծերակուտականներ:

Մենենտես նամակին մէջ Պայտընին յիշեցուցած է, որ նախապէս, այդ թուականին եւ 2020 թուականի նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ան ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ծերակուտականը յիշեցուցած է, որ 2019-ի Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, իսկ 2020-ի Ապրիլին նաեւ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած էին համապատասխան բանաձեւեր, որոնցմով 1915 թուականին կատարուածը կը ճանչնային որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ան ընդգծած է, որ ժամանակն է, որ գործադիր մարմինը եւս ճանչնայ պատմական իրողութիւնը:

Սպիտակ տան խօսնակի մեկնաբանութենէն յետոյ քաղաքագէտ, քաղաքական խորհրդատուութիւն տրամադրող առաջատար Eurasia Group-ի եւ համաշխարհային յարաբերութիւններու լուսաբանումը կատարող GZERO Media-ի նախագահ՝ Եան Պրեմըր յայտարարած է, որ Սպիտակ տան իր աղբիւրը յայտնած է, որ Պայտընի վարչակազմը կը պատրաստուի 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան հայերու կոտորածները ճանաչել որպէս ցեղասպանութիւն:

GZERO Media-յին մէջ հրապարակած բացառիկ տեսանիւթին մէջ, Պրեմըր անդրադառնալով Սպիտակ տան խօսնակի յայտարարութեան, պատմած է. «[Սպիտակ տան] խորհրդականներէն մէկը, իմ հարցին, թէ արդեօք կը հաստատէ, որ ցեղասպանութեան ճանաչում տեղի կ’ունենայ, ըսաւ ինծի, որ այդ այն է, ինչ ան (խմբ.- Ճօ Պայտըն) խոստացած է որպէս թեկնածու, եւ այդ քաղաքականութիւնը առաջ կ’երթայ: Սպիտակ տան մէկ այլ պաշտօնեայ, անդրադառնալով Ապրիլ 24-ին՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը կատարուելիք յայտարարութեան, ինծի ըսաւ, որ Պայտըն խօսքի մարդ է: Ուստի այս պահուն ակնյայտ է, որ ան պիտի ըլլայ առաջին ԱՄՆ-ի նախագահը, որ կ’ընէ այդ»:

Եան Պրեմըր նշած է, որ անկասկած Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին ասիկա պարզապէս պիտի կատաղեցնէ: Ան յիշեցուցած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները առանց այն ալ վերջին շրջանին լաւ վիճակի մէջ չեն, մասնաւորապէս Անգարայի կողմէ ռուսական Ս-400 հակահրթիռային համակարգեր գնելու պատճառով: «Անկասկած, ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ աւելի պիտի բարդացնէ վերականգնել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները: Անգարան ինքզինք աւելի մեկուսացուած պիտի զգայ, բացի այդ, անոնք հիմա հսկայական տնտեսական ճնշման տակ են»,- նշած է Պրեմըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment