Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պետք Է Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Տարածաշրջանի Մէջ Թուրքիոյ Բացասական Դերին Վրայ. Արա Այվազեան՝ Le Monde-Ին

Պետք Է Ուշադրութիւնը Կեդրոնացնել Տարածաշրջանի Մէջ Թուրքիոյ Բացասական Դերին Վրայ. Արա Այվազեան՝ Le Monde-Ին

by MassisPost

Ֆրանսական հեղինակաւոր «Le Monde» պարբերականին մէջ, Մարտ 19-ին հրապարակուած է Հայաստան գործուղուած թղթակից Ֆոսթին Վենսանի այլ յօդուած մը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս», լրագրողը հարցազրոյցներ ըրած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեանի,  տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն Ռիչարտ Կիրակոսեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի բնակիչներու հետ։

Լրագրողը անդրադարձած է Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ այդ համաձայնութեան ծիրէն ներս 1960 ռուս զինուորի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան պահպանման  նպատակով հինգ տարի ժամկէտով տեղակայման: Նշած է, որ ռուս զինուորականները տեղակայուած են նաեւ Հայաստանի հարաւ-արեւելեան կողմը՝ Սիւնիք:

«Նրանք, ովքեր տեղակայուել են Հայաստանի տարածքում` Սիւնիքում, այդ զօրակազմի մաս չեն կազմում: Նրանք միջնորդների դերն են իրականացնում` խուսափելու Հայաստանի սահմանակից գիւղերի բնակիչների եւ ատրպէյճանցի զինուորների միջեւ լարուածութիւնից»,- յստակացուցած է ՀՀ Արտաքին Գործոց նախարարը:

Ֆոսթին Վենսան անդրադարձած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեանի Փետրուար 22-ին արտայայտած այն մտքին, որ Երեւան հակուած է 1995-էն Գիւմրի տեղակայուած ռուսական ռազմակայանի ընդլայնման երկրի հիւսիս արեւմտեան կողմը, եւ, որ Ռուսաստան նաեւ կ’օգնէ բարեփոխել հայկական բանակը: Նախարարը աւելցուցած է, որ  «Ղարաբաղի փորձը հաշուի առնելով` մեզ պէտք է արմատապէս վերանայել եւ բարեփոխել մեր հնարաւորութիւններն ու ուժերի թուաքանակը»: Ջանքերը կ’ուղղուին վերահսկման, հետախուզութեան, օդային պաշտպանութեան համակարգերու, անօդաչու ինքնաթիռներու, հրթիռներու եւ հրետանիի զարգացման:

Յօդուածագիրը անդրադարձած է, թէ ինչպէս 2018-ին ժողովրդական ու խաղաղ յեղափոխութենէն յետոյ Նիկոլ Փաշինեան եկած է իշխանութիւն` տապալելով յետխորհրդային քորումփացուած վարչակազմը:

ՀՀ ԱԳ նախարարը նշած է, որ պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնել տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ բացասական դերին վրայ, ափսոսանքով աւելցուցած է, որ չնայած այդ ակնյայտ է՝ ամբողջ աշխարհը աչք կը փակէ այդ հանգամանքին վրայ։ Ռուսաստանի դերի կապակցութեամբ՝ Արա Այվազեան ընդգծած է, որ Ռուսաստան մեր աւանդական դաշնակիցն է, եւ անոր շնորհիւ է, որ աղէտէն խուսափեցանք: Եւ այսօր Ռուսաստանն է, որ թոյլ կու տայ խուսափելու նոր լարուածութենէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment