Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԶՈւ Ապաքաղաքական Ըլլալու Սկզբունքը Պէտք Է Սրբօրէն Պահել․ Վարչապետ

ԶՈւ Ապաքաղաքական Ըլլալու Սկզբունքը Պէտք Է Սրբօրէն Պահել․ Վարչապետ

by MassisPost

«Համոզուած եմ, որ Արտակ Դաւթեանն իր առաքելութիւնը կը շարունակի նոյնպիսի բարձր մակարդակով, ինչպիսի բարձր մակարդակով սկսել էր», – այսօր յայտարարած է վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ այցելելով Պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր Զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմին ներկայացուցած է ԶՈւ գլխաւոր շտաբի նորանշանակ պետ Արտակ Դաւթեանը:

Նշելով, որ Դաւթեան Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնը թողած է ծառայութեան հետ կապ չունեցող պատճառներով, վարչապետը արձանագրած է, որ Դաւթեանի հետ այս ընթացքին անընդհատ կապի մէջ եղած է ու պարզուած է, որ անոր ներուժը պէտք է անպայման օգտագործել պետական գործերու մէջ։

Յիշեցնենք, որ Արտակ Դաւթեան, 2018-ի մայիսէն ի վեր կը ղեկավարէր Գլխաւոր շտաբը։ 2020-ի Յունիսին, պաշտօնանկ եղաւ քարանթինի պայմաններու ժամանակ, որդիի հարսանիքի պատճառով, երբ արգելուած էին մարդաշատ միջոցառումները։

Վարչապետը այսօր՝ Մարտ 22-ին ցուցմունքներ տուած է․ – «Ի հարկէ, առաքելութիւնը հեշտ չէ, չափազանց ծանր ժամանակներ ենք ապրում եւ խնդիրներն աւելի քան լուրջ են: Խնդիր մէկ՝ պաշտպանել բանակը, պաշտպանել Զինուած ուժերը եւ խնդիր երկու՝ այնպէս անել, որ Զինուած ուժերում տեղի ունենան անհրաժեշտ բարեփոխումներ, որոնք կ’ուժեղացնեն առաջին հերթին Զինուած ուժերը, Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան պաշտպանուածութեան մակարդակը, եւ ի հարկէ, մեր բոլորի վստահութիւնը Զինուած ուժերի ու մեր անվտանգային համակարգի նկատմամբ»։

Վարչապետը Դաւթեանը ԳՇ պետ ներկայացնելու ատեն, շատ կարեւոր համարած է, որ Զինուած ուժերու ապաքաղաքական ըլլալու հանգամանքը ճշգրտօրէն պահպանուի, ան արձանագրած է՝ «այդ խնդիրը նոյնպէս Դուք կատարել էք շատ բարձր մակարդակով»:

«Մենք 2018 թուականի դեկտեմբերին ունեցել ենք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ եւ չի եղել մի ահազանգ, մի դէպք, երբ արձանագրուի, որ Զինուած ուժերը որեւէ ձեւով ենթարկուել են քաղաքական ներգործութեան կամ ներքաշուել են քաղաքական գործընթացների մէջ: Սա չափազանց կարեւոր է եւ համոզուած եմ, որ նոյնպիսի յստակ իրավիճակ մենք կ’ունենանք նաեւ հետագայում, ապագայում», – ըսած է վարչապետը:

Փաշինեան խնդրած ու պայմանաւորուած է, որ Զինուած ուժերու ապաքաղաքականացումը, հետագային ապաքաղաքական ըլլալու սկզբունքը պէտք է սրբօրէն պահել: «Դա պէտք է ոչ թէ ինձ, դա պէտք է ոչ թէ յստակ անհատի կամ խմբի, դա կարեւոր սկզբունք է, որ առաջին հերթին պէտք է Զինուած ուժերին։ Զինուած ուժերը դէպի թիկունք հայեացք չպէտք է ունենան ընդհանրապէս, այլ բան, որ կան խնդիրներ, հարցեր, որ Զինուած ուժերի բնականոն զարգացումը կառավարութիւնը պէտք է ապահովի, մենք բոլորս պէտք է ապահովենք, յատկապէս այս իրավիճակում», – ըսած է վարչապետը:

Արտակ Դաւթեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին վստահութեան համար եւ նշած. – «Ի հարկէ տրուած ցուցումները վերցնում ենք ի կատարում եւ վստահ եմ, որ Զինուած ուժերը քաղաքական որեւէ գործընթացներում մասնակցութիւն չեն ունենալու, որը նախատեսուած չէ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով»:

Վարչապետը այսօր աւելի վաղ յայտարարեց, որ Արտակ Դաւթեան իրաւունքի ուժով կը համարուի նշանակուած ՀՀ ԶՈւ Գլխաւոր Շտաբի  պետի պաշտօնին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment